ԿԱՐԵՒՈՐ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ

Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ։ Դիւանագիտական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ Ֆիտան եւ Պլինքըն անդրադարձան Հայաստան-Ատրպէյճան հաշտութեան գործընթացի վերջին կացութեան։

Բաց աստի, Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքին վրայ քննարկման նիւթ դարձան Կազզէի առկայ վիճակը եւ Լիբանանի իրադարձութիւնները։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 13, 2024