ՆՈՅԵՄԲԵՐ 9-Ի ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԵՆԷՆ 4 ՏԱՐԻ ԱՆՑ
Չորս տարի առաջ, նոյեմբերի 9-ին, Հայաստանի վարչապետի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու ստորագրած յայտարարութեամբ դադար տրուեցաւ՝ սեպտեմբերի 27-ին Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած 44-օրեայ պատերազմին։
Ինը կէտանոց փաստաթուղթին առաջին դրոյթով սահմանուած էր, որ նոյեմբեր 10-ին պատերազմի գօտիին մէջ ամբողջական հրադադար կը հաստատուի եւ վերջ կը գտնեն ռազմական բոլոր գործողութիւնները, իսկ կողմերը կը կանգնին այն դիրքերուն վրայ, ուր կը գտնուին այդ պահուն։
Յաջորդ երեք կէտերը Աղտամի, Լաչինի (Բերձոր), Քարվաճառի շրջանները Ատրպէյճանին վերադարձնելու պայմաններն ու ժամանակացոյցը կ՚ամրագրէին։ Հայկական կողմը, ի՛նչ խօսք, զանոնք կատարեց՝ անխա՛խտ, մինչդեռ Պաքուին ու Մոսկուային առընչուած գործողութիւններէն որեւէ մէկը դեռ լիարժէք չէ՛ կատարուած։
Յայտարարութեան 4-րդ կէտով սահմանուած էր, որ ռուսական խաղաղապահ զօրքը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ պէտք է տեղակայուի 5 տարուայ ժամկէտով, որ յետագային կրնար երկարաձգուիլ եւս 5 տարի։ Ժամկէտի երկարաձգման կարիք չեղաւ. 5 տարին չլրացած՝ ռուս խաղաղապահները Արցախը լքեցին։
Փաստաթուղթին 7-րդ կէտով՝ տեղահանեալները, ՄԱԿ-ի փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակի վերահսկողութեան ներքոյ, պէտք է վերադառնային Լեռնային Ղարաբաղ եւ յարակից շրջաններ․ այս կէտը ո՛չ միայն չիրականացաւ, այլեւ՝ Արցախը էթնիք զտման ենթարկուեցաւ ու ամբողջովին հայաթափուեցաւ:
Ըստ յայտարարութեան 8-րդ կէտին՝ ռազմագերիներու, պատանդներու եւ դիերու փոխանակում պէտք է ըլլար։ Հայկական կողմը, անշուշտ, Ատրպէյճանին յանձնեց անոր բոլոր ռազմագերիները, բայց հայ գերիները մինչ օրս Պաքուի մէջ են։ Աւելին, 2023 թուականի սեպտեմբերի 19-ի յարձակումէն ետք եւս գերեվարուեցան Արցախի նախկին երեք նախագահները, նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանը, Ազգային ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեանը եւ այլք:
Նոյեմբերի 9-ի համաձայնագրի գրեթէ բոլոր կէտերը խախտած Պաքուն եւ Մոսկուան այսօր անվարան կը խօսին այդ փաստաթուղթի 9-րդ դրոյթին մասին, որ կը վերաբերի տարածաշրջանի հաղորդակցութեան ճամբաներու ապաշրջափակումին։ Ըստ յայտարարութեան՝ Հայաստան պէտք է երաշխաւորեր երթեւեկի կապերուն անվտանգութիւնը Ատրպէյճանի արեւմտեան շրջաններուն եւ Նախիջեւանի միջեւ՝ երկու ուղղութիւններով անխոչընդոտ տեղաշարժ կազմակերպելու համար: Այս հաղորդակցութեան հսկողութիւնը Ռուսաստանի Սահմանապահ ծառայութեան մարմինները պէտք է իրականացնէին...
Պէտք է։
Եթէ քննարկման սկզբունքը առկայ է, ուրեմն յայտարարութեան վերջին՝ 9-րդ կէտին օրինակով, միւս բոլոր անխախտ կէտերը ինչո՞ւ չեն քննարկուիր...
Խնդիր չէ։ Մենք մի՛շտ ալ կողմնակից ենք խաղաղ լուծումներուն. փաստ, որ լիուլի կատարեցինք եւ դեռ կը կատարենք մեզի բաժին ինկած խաղաղութեան բոլոր պայմանները, որոնք մեզ պիտի տանին դէպի դրախտային «խաչմերուկ»։
Թիւը անյայտ մեր զոհերն ու տարածութիւնը յստակ մեր հողերը տանող պատերազմը այս յայտարարութեամբ դադրեցաւ, այո՛, բայց յստակ է որ այդքանով սահմանափակուած չեն մեր տալիքները։
2020-ի նոյեմբերի 9-ի յայտարարութեան օրը շատեր լացին, երազ մը լացին, խաբկանք, ցասում ու արժանապատուութիւն, բայց, իրենց մէջ սերմանուած արժէքներով հրահրուած՝ իրենց վստահուած գործը շարունակեցին եւ դեռ...
2024-ի նոյմբերի 9-ին, 10-ին, 11-ին, լալիք բան չունինք։
Հայաստանի Հանրապետութեան Վիճակագրութեան կոմիտէն վերջերս յայտարարեց, որ երկրին բնակչութիւնը 3 միլիոն, 67 հազար մարդ է։ Բացառիկ թիւ է։ Մտածելիք եւ հարցաքննելիք ոչինչ կայ։
Մեր պատմութեան դասաւանդուող էջերուն մէջ պատերազմները միշտ ալ միացուցած են մեզ։ Այսօր ալ, տարիներէ ի վեր չվերադարձած մեր գերիներուն համար, յաջողեցանք «Միասնական աղօթք» մը ընել, որ, ըստ էութեան, սարն ալ տեղէն կը շարժէ։ Կը հաւատամ ու կը զարմանամ, թէ գերիները Պաքու մնալով հանդերձ, վերջին ամիսներուն օրինակելի աշխուժութեամբ ՏՈՒՆ ԿԸ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱՆ ու փառահեղ արարողութիւններով իրենց ՏԵՂԸ ԿԸ ԴՐՈՒԻՆ աշխարհի չորս ծագերուն մէջ պահուած, դրուած, գնուած-ծախուած ձեռագիր մեր հին մատեանները...
Այսպիսի՞ բան մըն է ինքնութեան եւ ազգային դիմագիծին պահպանումը։ Մատեանները տուն կու գան, բայց, մե՛նք դուրսն ենք։ Ներս կամ դուրս՝ միասին չե՛նք։ Հայրենիք, սփիւռք, լեզու, ուղղագրութիւն, պետութիւն, ընդդիմութիւն, միւռոն, աղօթք, մենք, դուք… միասին չե՛նք։
Նորութիւն չէ՛։ Ինչո՞ւ վհատիլ։
Սփիւռքի մէջ շատեր, իրօ՛ք շատեր ոչինչ գիտեն աս անցուդարձին մասին, եթէ գիտնան ալ՝ պիտի նախընտրեն չհետեւիլ, երբ վերջերս օտար պարբերականներու մէջ Ատրպէյճանը մեղադրող քանի՜ յօդուածներ հրապարակուեցան։ Քանի մը օր առաջ ալ միջազգային լրատուական միջոցներու ներկայացուցիչները Ծիծեռնակաբերդ այցելեցին, երկա՜ր յուշապատին առջեւ կեցան ու նկարուեցան. Ամերիկայի նախագահին հնչեցուցած, պատմական «ցեղասպանութենէն» վերջ՝ հրաշալի քայլ մը չէ՞ սա ալ։
Եւրոպայի շատ խորհրդարաններ ալ COP29-ը կազմակերպող «խաղաղասէր» Ատրպէյճանին դէմ կոչեր յղեցին։ COP-ին ժպտալի նկարները արդէն կը հրապարակուին...
Նոյեմբերի 9-էն չամչնալու համար ահագի՜ն բաներ ունինք։
Ակադեմական քաղաքի «մաստըր փլան», մեզի այցելող համաշխարհային ճանաչմամբ երգիչներ ունինք, երկա՜ր խորագիրներով ցուցահանդէսներ, ամեակներ, հրավառութիւններ, լոյսեր, ձայներ, «ավտոբուսներ» ունինք... քանի մը օրէն «Մանկական եւրոտեսիլը» կը կայանայ եւ շուտով, ո՞վ գիտէ երազային ինչպիսի՜ հեքիաթով մը կը փայլփլի ամենօրեայ մեր շքեղ հրապարակը...
Որո՞ւն, ի՞նչ կը փաստեն այս բոլորը։
Ուրախ-զուարթ լոյսերու մէջ չսպասե՞նք միտք ու էութիւն շոյող, նորովի դէմք ու ինքնութիւն ձեւող մեր խաղաղութիւնը։
Սպասենք՝ յաղթական ոգիով. օրերս, Ազգային ժողովին մէջ մեր Ազգային Օրհներգին, ըստ անհրաժեշտութեան, կարճ ու խմբագրուած տարբերակ մը հաստատելուն վերաբերող նախագիծ մը ներկայացուեցաւ։ Ուրեմն, ըստ նախագիծին՝
«Ամենայն տեղ մահը մի է,
Մարդ մի անգամ պիտ մեռնի,
Բայց երանի, որ իւր ազգի
Ազատութեան կը զոհուի», քառատողով պիտի չաւարտի Օրհներգը, այլ՝
«Նայիր նրան՝ երեք գոյնով
Նուիրական մէկ նշան,
Թող փողփողի թշնամու դէմ,
Թող միշտ պանծայ Հայաստան»ով։
Այսպէս աւելի յաղթական չէ՞։ Միանգամայն։ Յաղթանակի ճիշդ այս ոգին է, որուն կարիքը ունին առաւելաբար՝ ծայրը չերեւցող Եռաբլուրին մէջ «Իւր ազգի ազատութեան զոհուած» զաւակ մը թաղած (չթաղած) մեր մայրերը, բայց... Խաղաղութեան «ազնիւ» նպատակէն չշեղելու համար, աւելի լաւ չըլլա՞ր «թշնամին» «հակարակորդ» ընենք, ինչպէս «Արցախը» «Լեռնային Ղարաբաղ» եղաւ, «հայրենիքը»՝ «պետութիւն»...
Որ մէկը, ինչպէս ալ ըսեմ՝ մէջինիս չափ չէ։ Յարափոփոխ աս աշխարհին եւ ընդունուած տիրոյթին հետ քայլ պահելը հասկնալի է, բայց, մեզի պատմուածները մեր պատմելիքներուն չեն նմանիր այլեւս։
Նոյեմբերի 9-ի յայտարարութենէն 4 տարի անց՝ «Կեցցէ՛ հեծանիւը»...
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Գահիրէ
Ընկերամշակութային
- 11/26/2024
- 11/26/2024