ՂԱԼԱԹԻՈՅ ԽՆԱՄԱԿԱԼՆԵՐԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Ղալաթիոյ խնամակալութեան ատենապետ Մկրտիչ Արծիւեանն ու գործակից ընկերները։ Կեդրոնական վարժարանին ի նպաստ այս տարուան հանգանակութիւնը նախատեսուած է դեկտեմբերի 1-ին։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, սիրոյ սեղանին ընդառաջ Կեդրոնականի ընտանիքի պատասխանատուները այցելեցին Պատրիարքարան։ Զրոյցի ընթացքին խնամակալները Նորին Ամենապատուութեան բացատրութիւններ տուին իրենց գործունէութեան՝ մանաւանդ դպրոցի կարիքներուն շուրջ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը գնահատեց վարժարանին համար գործադրուած ջանքերը եւ իր օրհնութիւնները տուաւ խնամակալութեան, որուն յղեց նաեւ յաջողութեան մաղթանքներ։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 14, 2024