ՀԱՆԳԻՍՏ՝ Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ ԱՐՔ. ՊԷՔՃԵԱՆԻ
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ վախճանած է Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց դասու երիցագոյն անդամներէն Տ. Գարեգին Արք. Պէքճեան։ Այս կորուստը ցաւ ստեղծած է եկեղեցական շրջանակներէն ներս՝ մինչ Պատրիարքական Աթոռը անմիջապէս տեղեակ պահած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը։ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը արդէն տեղեակ է Տ. Գարեգին Արք. Պէքճեանի կորուստէն։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս բազում տասնամեակներու գործունէութիւն ծաւալած, նաեւ մտաւորական արտադրութիւն իրականացուցած հոգեւորական մըն էր նորոգ վախճանեալ Տ. Գարեգին Արք. Պէքճեան, որ Ս. Խաչ դպրեվանքի սաներէն էր։ Նորին Սրբազնութիւնը երկար տարիներ եղած էր Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Գերմանիոյ թեմի առաջնորդը եւ այդ պաշտօնին գլուխը բազմակողմանի աշխատանք տարած էր՝ տեղւոյն հայկական ազգային-եկեղեցական կեանքի առաւել արդիւնաւէտութիւնը ապահովելու նպատակով։ 1992 թուականին եպիսկոպոս օծուած էր՝ ձեռամբ երանաշնորհ Տ.Տ. Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի։ 2014-2019 շրջանին անդամակցած էր Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդին։ Նոյնպէս, հոգելոյս Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կողմէ պարգեւատրուած էր «Սուրբ Ներսէս Շնորհալի» շքանշանով։ Մօտաւոր անցեալին, կարճ շրջան մը եղած էր պատրիարքական տեղապահ։
Հանգստեան կոչուելէ վերջ Նորին Սրբազնութիւնը շարունակած էր մնալ Գերմանիոյ մէջ, սակայն, մօտաւոր անցեալին որոշած էր վերադառնալ իր ծննդավայրը՝ Իսթանպուլ, ուր հաստատուած էր Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ։
Թէեւ հիւանդանոցի մէջ որեւէ խնամք չէր զլացուեր սրբազանէն եւ ան ընդհանուր առմամբ լաւ վիճակի մէջ էր, սակայն, յառաջացած տարիքը արդէն իր պարագան ամէն տեսակ անակնկալի բաց կը պահէր։ Դժբախտաբար, ան երկրաւոր կեանքէն հրաժեշտ առած է եւ յառաջիկայ օրերուն Պատրիարքական Աթոռը անհրաժեշտ կարգադրութիւնները պիտի ընէ՝ իր վերջին օծման, յուղարկաւորման եւ թաղման կարգերը կազմակերպելու համար։ Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեանի գլխաւորութեամբ նորոգ վախճանեալ սրբազան հօր անշունչ մարմինը փոխադրուած է Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցի։
Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի. ամէն։
Եկեղեցական
- 11/26/2024