ԿԵԱՆՔԸ՝ ՈՒԹՍՈՒՆԷՆ ՎԱՐ ԵՒ ՎԵՐ
Այդպէս կ՚ըլլայ:
Այդ օր, մինչեւ ուշ երեկոյ, երկար ժամեր ուտելէ, խմելէ, խօսելէ, երգելէ, կենացներ «բացագանչելէ» ու մաղթանքներ փոխանակելէ ետք, երբ վերջապէս տարեդարձիդ առթիւ տանդ մէջ խմբուած հարազատներդ ու հիւրերդ ճամբելէ ետք, հակառակ անոր որ երեւոյթը շատ գեղեցիկ ալ էր, բայց եւ այնպէս, վերջապէս առանձնանալու կարիքը կը զգաս:
Աւելի ճիշդ, մտքիդ խաղաղութիւնը կ՚ուզես փնտռել, թերեւս ինքզինքդ գտնես: Թէեւ օրերդ կապուած էին առօրեայ զանազան մտահոգութիւններուն, բայց այդ օր, տարեդարձի անուան տակ այդ յիշատակելի երեկոյեան, երբ քու մասիդ խօսիլն ու արտայայտուիլը ծանր եւ քրտինքոտ ալ էր, իրապէս որ ինքզինքդ մոռցած էիր:
Ու հիմա, սենեակիդ մէջ, մինակդ, աթոռիդ վրայ ընկողմանած, վարանումի եւ դիմադրութեան այդ պահուն, ճշմարտութիւնը փնտռող պարզ աչքերով, անկեղծ, նոյնքան արդար, կը փորձես վերաքաղ մը ընել կամ աւելի ճիշդ անձդ փնտռել: Անշշուկ եւ լուռ փնտռտուք: Կորսուած ժամերու երջանկութիւնը որոնող, յոգնած եւ յուսահատ մարդու նման:
Նորէն հայու հոգիդ պայքարի մէջ է: Կը զգաս: Լաւատեղեակ ես, թէ յիշողութիւնը մարդուս կու տայ հոգեկան բաւարարութիւնն ալ: Ու յանկարծ դեղնած հին էջերու նման մտքիդ պաստառին վրայ պատկերներ, գունաւոր եւ անգոյն տեսիլքներ կը յայտնուին, մշուշապատ երազներու մէջէն: Կարծես պարզապէս երազի թեւեր առած տեսիլքներու յաճախանք մը. որմէ զանազան «պատկերներ» կ՚անձրեւեն հոգիիդ մէջ:
Եւ ինքնաբերաբար տրամադրութիւնդ քեզ տարբեր ուղիներ կ՚առաջնորդէ, գրուած եւ անգիր երգի բառերուն նման: Եզակի եւ քիչ մըն ալ տարօրինակ:
Ու սրտիդ վրայ կը ծփայ յիշատակներու ովկիանոսը, գրաւելով մտքիդ եւ սրտիդ հորիզոնները, որոնցմով կ՚ուզես չափել ապրած կեանքիդ բոլոր խորհրդաւոր ցոլքերը: Ահա քեզի հրամցուածը: Կարծես երազն է, որ բոյն դրած է մտքիդ մէջ:
Վայրկեանին, անկեղծ մտածողի լարերով, չես յիշեր, թէ ինչպէ՞ս մինչեւ հո՛ս, այս տարիքին հասած ես: Դիմագիծ եւ ինքնութիւն տուող դէմքերը կը յիշես ինքնատիպ մտածումներով: Կ՚ուզես վերագնահատութեան ենթարկել մտածումներդ, օրերդ, վերջապէս կեանքդ:
Ու երկար կը յիշես: Դիմացդ կը բացուի հին եւ սակայն գեղեցիկ անցեալդ, իր զանազան մանրամասնութիւններով: Մտովի կը վերլուծես: Երկար տարիներու «այսչա՜փ» ծուռ կամ շիտակ, ճամբայ կտրած ես: Բարդ եւ երկչոտ զգացում: Գլուխդ ձախ-աջ կը տանիս: Կը զգաս, որ ուղեղդ անտէր հայելի մը դարձած է, որուն մէջէն կը դիտես կեանքդ, շրջապատդ եւ բնութիւնը: Ու կը տեսնես, որ կեանք ըսուածը, կարճ կամ երկար ճամբորդութիւն մըն է, յաճախ խնդուքով, երբեմն լացով եւ երբեմն ալ տաք ու սառ զգացումներով, բայց միշտ ճակատագրի թելերէն կախուած, երբեմն ալ անախորժ քեզի «հրամցուած» եւ «հիւրասիրուած»՝ իր զգուշաւոր խաղերուն հետ: Անոր համար օրերուդ ժամերը յաճախ կորսնցուցած են իրենց շրջագիծը:
Իսկ հիմա յիշատակն է, որ կ՚ապրեցնէ քեզ: Կ՚ուզես ապրիլ քաղցրութիւնը մօտիկ եւ հեռու այդ հիներուդ: Կ՚ուզես ապրած կեանքդ «չափել»: Նոյնիսկ երբեմն ուրախութիւնդ մնացած՝ իր կէս ճամբան: Երբեմն գիտակցութիւնդ ալ մշուշ բռնած: Բայց միտքերդ երբեք չեն հրաժարած կանգ առնելէ: Բացայայտ զմայլանք:
Միշտ հնազանդ հետեւած ես կեանքի ընթացքին եւ խաղերուն, եւ փորձած՝ ապրումիդ ջերմութիւնը չկորսնցնել: Յարմարած ես ժամանակակից կեանքի պայմաններուն, օրէնքներուն պահանջներուն: Յաճախ ինքնահաճոյ մօտեցում ունեցած, ուր բանականութիւնդ կանգ առած: Փորձած ես երանելի օրերդ առօրեայիդ շղթաներէն կապել: Շատ յաճախ՝ ձախողած:
Աշխարհը, ամէն առտու քեզի բացուած էր համակարգիչիդ բառերով: Դո՛ւն, արմատներէն մինչեւ յետին տերեւը հայ մը, ամէն բանէ առաջ եւ վերջ: Բոլորին այս մասին խօսած, պատմած եւ բացատրած:
Իբրեւ թուղթի եւ գրիչի մոլի, անձդ ու գիրքերը եղած են կեանքիդ յենարանը: Ու նկարագրիդ դրօշակը բարձր պահելով, միշտ ուզած ես յոյսեր ցանել բառերուդ եւ տողերուդ մէջ: Անոր համար ապրած ես ազնիւ տառապանքը բառերուդ:
Աշխարհի օրերու ցուրտին մէջ, փնտռած ես ջերմութիւնը ժամերուդ:
Հարցերը, ազգիդ եւ հայութեանդ, յաճախ ստիպած են քեզի, որ «երգդ» մոռնաս: Երբեմն վախը գողցած է գիշերներուդ լռութիւնը: Շատեր, այս մասին, շատ բաներ թելադրած են: Բայց չես համոզուած:
Բոլոր երգերդ նուիրած ես հայրենի հողին, Մեսրոպեան տեսիլքին եւ շունչին, նոր սերունդին արեւուն, ծննդավայրիդ, հայրենիքիդ եւ Արարատին: Բայց ի՜նչ օգուտ...: Կեանքի նման օրերէն, նաեւ հինցած են օրերդ ալ: Իբրեւ այս բոլորին արդիւնք, աղուոր երազներդ ալ խաւարած: Յաճախ ժամերուդ պատուհանէն լուռ եւ անխօս շուրջդ դիտած ես, եւ ինքզինքդ համոզած, թէ լռութեան համար ականջ պէտք չկար: Միշտ շրթներուդ վրայ նստած պահած ես աղօթքդ ու բարի մաղթանքներդ:
Ապա, այս բոլորէն ետք, խոր երազէ մը արթնցողի նման, կ՚որոշես իջնել իրական աշխարհ: Իրական կեանք: Ժպիտ մը գծելով դէմքիդ վրայ, կը մտածես դուրս գալ սենեակէդ: Արդէն, ձեւով մը ինքզինքդ փոխուած կը զգաս: Քեզի համար ցարդ ապրած կեանքդ, յուշերդ, սէրերդ եւ տագնապներդ զարդ եւ հպարտանք ըլլալէ աւելի, հոգեկան բովանդակութեամբ ալ լեցուն տեսած էիր:
Կ՚որոշես սենեակէն դուրս գալ, երեսիդ վրայ նոր յոյսի լոյսով մը օծուն:
Ճիշդ այդ պահուն ահա, իբրեւ պարզ մարդ, հեռու քարացած մտայնութիւններէ, կեանքիդ նոր էջ մը բացած կը զգաս: Ու գրեթէ երջանիկ ես:
Եւ վերջապէս, սենեակիդ դուռը բանալով, իբրեւ նոր յոյսին բացուող միտք, ապրելուն երջանութիւնը կը զգաս:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ