Շաբաթ 23, Նոյեմբեր 2024
ՎԱՂԸ՝ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՔԱՀԱՆԱՅԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Վաղը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի պիտի ունենայ քահանայական ձեռնադրութիւն։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան համակարգը հաղորդեց, որ զանազան կառոյցներէ ներս սպասարկող վեց սարկաւագ քահանայ պիտի ձեռնադրուի՝ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի ընթացքին։ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ երիտասարդ միաբանները պիտի համալրեն Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ հոգեւորականաց դասու շարքերը։
Սուրբ Էջմիածնի վերաօծեալ Մայր Տաճարի ձեռնադրութեան արարողութենէն վերջ, երեկոյեան Ս. Գայիանէ վանքին մէջ նախատեսուած է նաեւ վեղարի տուչութեան արարողութիւն՝ նկատի ունենալով, որ նոր քահանաներէն ոմանք պիտի ըլլանք կուսակրօն։
Այսօր յետմիջօրէին, Մայր Տաճարի մէջ նախատեսուած է նաեւ նոր ձեռնադրուելիք քահանաներուն ընծայման կարգը։
Շաբաթ, Նոյեմբեր 23, 2024