ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Սրբազան Արքեպիսկոպոս Մաշալեան երէկ ընդունեց Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Նուրհան Սուճուեանն ու գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։

Թաղականները Լեւոն-Վարհունեան վարժարանի մօտալուտ տարեկան հանգանակութեան ընդառաջ Պատրիարքարան այցելեցին օրհնութիւն ստանալու համար։ Անոնք Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր բացատրութիւններ տուին դպրոցի այժմու վիճակին եւ իրենց ընդհանուր գործունէութեան շուրջ։ Նորին Ամենապատուութիւնն ալ ուրախութիւն յայտնեց տարուած աշխատանքին համար եւ յղեց յարատեւութեան մաղթանքներ։ 

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 28, 2024