ԵՂԲԱՅՐԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Գերմանիոյ թեմի առաջնորդ Տ. Սերովբէ Եպսկ. Իսախանեանն ու Իրաքի թեմի առաջնորդ Տ. Օշական Եպսկ. Կիւլկիւլեանը, որոնք քաղաքս կարճատեւ այցելութիւններ տուին՝ մասնակցելու համար նորոգ վախճանեալ Տ. Գարեգին Արք. Պէքճեանի յուղարկաւորութեան, վերջին օծման ու թաղման արարողութիւններուն։

Աւարտելով իրենց կեցութիւնը, երկու սրբազանները երէկ հրաժեշտի հանդիպում մը ունեցան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հետ։ Զրոյցի ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհաւորութիւն յայտնեց իր հոգեւոր եղբայրներուն, որոնք փութացած էին իրենց վերջին յարգանքը մատուցելու հոգելոյս սրբազանին նկատմամբ եւ ցաւակցելու պոլսահայ հոգեւորականաց դասուն։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 29, 2024