ՀՈՒՆԳԱՐԻԱՅԷՆ ՀԻՒՐԵՐ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հունգարիոյ «Փիթըր Փազման» Կաթոլիկ համալսարանի փոխ-վերատեսուչ Քրիստիան Վինցէն, համալսարանի պատմութեան կաճառի տնօրէն Շանտոր Ուզէն եւ հայագիտութեան ամպիոնի վարիչ Պալինտ Քովաչը։ Հիւրերուն ընկերացաւ «Խաչատուր Աբովեան» Հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի Պատմութեան ու հասարակագիտութեան ֆաքիւլթէի տեսուչ Էդգար Յովհաննիսեան։ Հարկ է նշել, որ երկու համալսարաններուն միջեւ վերջին շրջանին սերտ համագործակցութիւն ձեւաւորուած է։
Վեհափառ Հայրապետը զրոյցի ընթացքին գնահատեց ձեռնարկուած աշխատանքը, որու մասին մանրամասնութիւններ ներկայացուց նաեւ Քրիստիան Վինցէն։ Զրոյցի տեւողութեան Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ Հայաստանի առկայ իրավիճակին, արտաքին մարտահրաւէրներուն եւ երկրի ինքնիշխան տարածքներուն դէմ Ատրպէյճանի դատապարտելի նկրտումներուն։
Հանդիպման տեւողութեան մտահոգութիւն արտայայտուեցաւ Արցախի մշակութային-հոգեւոր ժառանգութեան ոչնչացման ու իւրացման դէպքերուն կապակցութեամբ, կարեւորուեցաւ միջազգային հանրութեան գործօն ներգրաւումը։
Եկեղեցական
- 12/04/2024
- 12/04/2024