ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ ՇԱՏ ԱՆՈՐՈՇ ՍՊԱՍՈՂԱԿԱՆ ՎԻՃԱԿ

Սուրիոյ տագնապալի մթնոլորտի պայմաններով, երբ Հալէպը ընդդիմութեան զինեալներու հակակշռին տակ անցած է, համայն հայաշխարհը մտահոգուած է տեղւոյն հայութեան համար։ Հանրային կարծիքէն խաւեր կ՚ակնկալեն Հալէպի հայութեան Հայաստան տարհանումը։ Դիւանագիտական աղբիւրները կը հաղորդեն, որ այդպիսի հնարաւորութիւն մը գոյութիւն չունի այս պահու դրութեամբ։

Իր կարգին, Սուրիոյ խորհրդարանի հայազգի երեսփոխան Մարիա Գաբրիէլեան յայտնեց, որ Հայէպի մէջ մարդիկ նիւթական լուրջ խնդրի դէմ յանդիման մնացած են։ Պատգամաւորը, որ կը գտնուէր Հալէպ, յայտնեց, թէ արմատական խմբաւորումները գրեթէ ամբողջութեամբ գրաւած են քաղաքը։ Պետական բոլոր կառոյցները՝ ներառեալ հիւանդանոցներն ու դպրոցները, անոնց տիրապետութեան տակ են։ Մարիա Գաբրիէլեան յայտնեց, որ Հալէպի մէջ պարէտային ժամ յայտարարուած է։ Ցերեկին մարդիկ կը կարողանան ազատ դուրս գալ։ Խանութներու մէկ մասը բաց է, սակայն վաճառակէտերուն հաց չկայ։ Սննդամթերքի միւս տեսակները առայժմ հասանելի են։ Նկատի ունենալով, որ դրամատուները չեն գործեր՝ մարդիկ կենցաղային նիւթական լուրջ խնդիրներ կը դիմագրաւեն։

Ըստ Գաբրիէլեանի՝ Հալէպ-Դամասկոս մայրուղին կը շարունակէ փակ մնալ։ Զինեալները փակած են այդ ճանապարհը։ Հալէպի բնակչութիւնը կը կազմէ 3 միլիոն հոգի։ Կ՚ըսուի, որ այդ օրը քանի մը ժամուան ընթացքին մէկ միլիոն հոգի քաղաքէն դուրս եկած է։ Երեսփոխանի բացատրութիւններով՝ զինեալները կը փորձեն բնակիչներու հետ բախման չերթալ, բայց, հիմա այդպէս է՝ քանի անոնք ալ հրահանգով կը գործեն, այսինքն իրավիճակը ամէն պահ կրնայ փոխուիլ, եթէ նոր հրահանգ մը ըլլայ։ Իրավիճակը չափազանց անկայուն է։

«Շատ անորոշ, սպասողական վիճակ է», եզրափակեց Գաբրիէլեան։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 5, 2024