ԱՆԴԱՌՆԱԼԻՈՒԹԵԱՆ ԿԷՏԸ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ըսաւ. «Մենք արդէն իսկ մեզ կը համարենք ՀԱՊԿ-էն դուրս, անդառնալիութեան կէտը անցած ենք»։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Նիկոլ Փաշինեան երէկ Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ երեսփոխանի մը հարցման պատասխանելով ըսաւ. «Մեր դիրքորոշումը յստակ է։ Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ 2021 եւ 2022 թուականներուն եղած են տարածքային ոտնձգութիւններ եւ բռնութիւն։ Ընդ որում, բռնութիւն պատահած է այն բանէն վերջ, երբ այդ հարցը քննարկած ենք դաշնակիցներու հետ ու տեսած ենք, որ իրադարձութիւնները կը զարգանան այդ ուղղութեամբ։ Եւ այդ ժամանակ դաշնակիցներէն ստացած ենք պատասխան, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանները իրենց համար կարմիր գիծ են։ Երբ ոտնձգութիւնը տեղի ունեցաւ, մենք ըսինք՝ յարգելի գործընկերներ, այն կարմիր գիծը, զոր դուք կ՚ըսէիք, հատուած է։ Այս բանէն յետոյ իրենք ըսին, որ գիտէք, կարծես թէ սահմանը սահմանագծուած չէ։ Այստեղ ալ մենք ըսինք՝ այդ պարագային ո՞րն է այդ կարմիր գիծը, ցոյց տուէք Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ՀԱՊԿ-ի պատասխանատուութեան գօտին։ Իրենք սա մեզի ցոյց չեն տուած։ Եւ իմ հրապարակային արձագանգով ըսած եմ, որ եթէ Հայաստանի մէջ ՀԱՊԿ չունի պատասխանատուութեան գօտի եւ այդ գիծը կարող չէ ցոյց տալ ուրեմն ՀԱՊԿ-ն՝ որպէս կազմակերպութիւն գոյութիւն չունի։ Եւ սա եղած է պատճառը, որ 2022 թուականի աշնան ես հրաժարած եմ ստորագրել ՀԱՊԿ-ի գագաթաժողովի եզրափակիչ փաստաթուղթը։ Այստեղ Ղարաբաղի հետ կապուած իրավիճակը ընդհանրապէս կապ չունի։ Մենք ՀԱՊԿ-ի հետ այս մասնակցութիւնը սառեցնելու համատեսքին մէջ Ղարաբաղի նիւթը ընդհանրապէս չենք շօշափած»։
Հարկ է նշել, որ հարցումը ուղղած երեսփոխանը մէջբերեց նաեւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի վերջին յայտարարութիւնները, ըստ որոնց՝ ՀԱՊԿ չէր կրնար միջամտել Լեռնային Ղարաբաղի իրադարձութիւններուն, որովհետեւ Հայաստանի Հանրապետութեան վրայ յարձակում չէր գործուած։ Բաց աստի, Փութին նշած էր, որ Հայաստան կ՚աջակցի ՀԱՊԿ-ի ձեւաչափերով ընդունուած բոլոր փաստաթուղթերուն։ Այս բոլորի լոյսին տակ Նիկոլ Փաշինեան աւելցուց. «Ինչ կը վերաբերի փաստաթուղթերուն, Հայաստան սառեցուցած է իր մասնակցութիւնը ՀԱՊԿ-ի աշխատանքին. սա կը նշանակէ, որ չի մասնակցիր փաստաթուղթի մշակման կամ քննարկման, որեւէ առաջարկ չի ներկայացներ, որեւէ առաջարկի պարագային վերաբերմունք չ՚արտայայտեր։ Մենք որեւէ փաստաթուղթի դէմ վեթօ չենք դներ պարզապէս այն պատճառով, որ, ըստ էութեան, մենք արդէն իսկ մեզ կը համարենք ՀԱՊԿ-էն դուրս եւ իրենք ինչ ուզեն թող որոշեն։ Մենք չենք մտներ իրենց գործերուն արանքը, սա ալ յարգանքով մեր գործընկերներու նկատմամբ։ Բայց դարձեալ կ՚ըսեմ, ներառեալ այս իրադարձութիւններու տարբերութիւնը եւ այս բանին արդէն հրապարակային փոխադարձ արտայայտումը արդէն աւելի ու աւելի դժուար, եթէ ոչ անհնար կը դարձնէ Հայաստանի Հանրապետութեան վերադարձը ՀԱՊԿ-ին։ Կը կարծեմ, թէ այստեղ անդառնալիութեան կէտը անցած ենք»։
Ի լրումն այս բոլորին՝ վարչապետ Փաշինեան յայտնեց, որ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու մէջ մագլցման որեւէ հիմք չի տեսներ։