ՃՊՈ՞Տ, ՍԼԱ՞Ք, ԹԷ ԿՈՂՄՆԱՑՈՅՑ…
Մաէսթրօ Օրբելեանի արհեստավարժ փորձառութիւնը եզակի է՝ ո՛չ միայն սեփական կեանքը պայմանաւորելու, այլեւ ուրիշներու կեանքին ներշնչանքի աղբիւր հանդիսանալու աստիճան։ Արուեստագէտը, ինչպէս նաեւ արհեստաւորը, ըստ էութեան, տաղանդի մարմնաւորում մըն է։ Հետեւաբեր, արուեստագէտի կեանքը խոշորացոյցի տակ կ՚առնուի՝ իր տաղանդի իւրաքանչիւր դրսեւորման միջավայրին, պայմաններուն, զանազան փուլերուն, ենթարկուած ազդեցութիւններուն եւ այլ հանգամաքներու պրիսմակէն։ Մաէսթրոյին կեանքը հիւսուած է՝ անհաւատալի զուգահեռականներով ու զուգադիպութիւններով։ Ան ծնած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ. որդին է հայ հօր մը եւ ուքրանացի մօր մը։ Անուանակիցն է՝ նոյնպէս շատ հռչակաւոր երաժիշտ հօրեղբոր։ Ծննդավայրին՝ Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ շատ փոքր տարիքին ազդանշաններ տուած է՝ երաժշտական անկրկնելի ձիրքերուն մասին։ 11 տարեկանին բեմ բարձրացած է՝ որպէս դաշնակահար։ Օրբելեան դաշնամուրի վրայ կարճ ժամանակի ընթացքին մեծ ոստումներ արձանագրած է՝ մինչեւ որ Խորհրդային Միութեան տարիներուն հրաւիրուած է Մոսկուա՝ տեղւոյն օփերայէն ներս դաշնամուրը նուագելու համար։ Խորհրդային շրջանին սկսած այս աշխատանքը ձգուած է՝ մինչեւ մերօրեայ Ռուսաստանի օրերը։ Այս բաւական երկար ժամանակահատուածի գրեթէ առաջին քայլափոխին իրեն առաջարկուած է գլխաւորել Մոսկուայի պետական օփերան՝ որպէս գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր խմբավար։ Յաջորդիւ, Մոսկուայի մէջ երկու տասնամեակ անցընելէ վերջ, մաէսթրոն անցած է Երեւանի օփերային գլուխը, ուրկէ աղմկայարոյց իրադարձութիւններով հեռացուած է՝ պայմանաւորուած քաղաքական գործօններով։ 2021 թուականէն ի վեր կը ղեկավարէ Նիւ Եորքի քաղաքային օփերան։ Ընթացքին քանի մը առիթով հանդէս եկած է նաեւ Իսթանպուլի մէջ. կը կրէ քաղցր յուշեր եւ ունի դրական տպաւորութիւններ։
Այս ամփոփ կենսագրութիւնը, անշուշտ, կարելի է դիտարկել զանազան երեսակներէ։ Յամենայնդէպս, Կոնստանտին Օրբելեանի կեանքի ոդիսականը ընդարձակ աշխարհագրութեան մը վրայ, էապէս տարբեր ժամանակներու միջեւ հետաքրքրական անցումներ կը պարփակէ. տեսակաւոր ու շերտաւոր ամբողջ մը, որու դրուագները կը պարզեն խայտաբղէտ համայնապատկեր մը։
Մերօրեայ ընդհանրացած բառապաշարով՝ երկբեւեռ աշխարհի պայմաններով Արեւմուտքի (ԱՄՆ) մէջ սկսած եւ Արեւելքի (Խորհրդային Ռուսաստան) մէջ շարունակուած երաժշտական կեանք մը։ Ընթացքին աշխարհ, մերօրեայ ընդհանրացած բառամթերքով՝ որոշ ժամանակ կը դառնայ միաբեւեռ։ Մաէսթրոն այդ հանգրուանին կը սկսի Ռուսաստանի մէջ, ուրկէ կ՚անցնի Հայաստան։ Այժմ վերադաձած է Արեւմուտք, ԱՄՆ, երբ աշխարհի վրայ նոր բեւեռներ ձեւաւորուած են։ Մաէսթրոյի ճպոտին ծայրը ինչի՞ կը նմանի. ժամացոյցի սլա՞ք, թէ կողմնացսյց…
Համամարդկային մակարդակով հետեւութիւններու դուռ կը բանայ այս ոդիսականը, որու հայկական երեսակը առաւել եւս նշանակալից կը դառնայ։ «Քսան տարի Ռուսաստանի մէջ չէի ունեցած այն հարցերը, որոնք ունեցայ Հայաստանի մէջ», կ՚ըսէ ան։ Հայկական օրակարգէն դուրս, Արեւելք-Արեւմուտք կամ աշխարհի զանազան բեւեռներու միջեւ մշակութային փոխադարձ ազդեցութիւններու պարագան լրջօրէն հետաքրքրական է այսօր, երբ քաղաքական լարուածութեան եւ տնտեսական անհաշտ մրցակցութեան հետեւանքով վառօդի հոտը պատած է ամէնուրեք։ Մաէսթրօ Օրբելեան դիրքաւորուած է այնպիսի կէտի մը վրայ, որու տիրապետած բարձունքէն կրնայ մէկը միւսը տեսնել եւ մէկը միւսին մասին խօսիլ։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
•շար. 3
Օրակարգի նիւթերը
- 12/11/2024