ՅՍՏԱԿ ՈՒ ՎՃՌԱԿԱՄ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ հիւրընկալեց Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Տոնալտ Թուսքը, որ պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Թուրքիա։ Նախագահական պալատին մէջ տեղի ունեցած դիմաւորման արարողութենէն վերջ Էրտողան եւ Թուսք ունեցան առանձնազրոյց մը, իսկ աւելի վերջ գլխաւորեցին պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։ Անոնք Պէշթէփէի մէջ սարքեցին նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան ըսաւ. «Մենք քաղաքականութեան լեզուով կը խօսինք անոր հետ, որ կը խօսի քաղաքականութեան լեզուով։ Քաղաքականութեան միջոցներով կը փոխադարձենք անոնց, որոնք պայքար կը մղեն քաղաքական ճանապարհով։ Բայց եւ այնպէս, ինքզինքը ահաբեկչական կազմակերպութեան, ահաբեկչութեան հետ նոյնացնողն ալ կը համարենք ահաբեկիչ ու կը վարուինք ըստ այդմ»։
Իր յայտարարութիւններուն մէջ Էրտողան տեղեկացուց, թէ Տոնալտ Թուսքի հետ իրենց ունեցած տեսակցութեան ընթացքին առաջնահերթօրէն օրակարգի վրայ եկած է ահաբեկչութեան դէմ պայքարի խնդիրը։ Այս կապակցութեամբ Էրտողան անդրադարձաւ ահաբեկչական դէպքերուն եւ պետութեան կողմէ ձեռնարկուած պայքարին։ «Մեր անվտանգութեան ուժերը վճռակամութեամբ պայքար կը մղեն ահաբեկչական կազմակերպութեան եւ անոր շառաւիղներուն դէմ», ըսաւ Էրտողան եւ աւելցուց, թէ այս պայքարը ա՛լ աւելի կը դժուարացնեն կարգ մը քաղաքական գործիչներ, որոնք ջուր կը լեցնեն ահաբեկչութեան ջաղացքին։ Քննադատութիւններ հասցէագրելով ՀՏՓ-ի վարչայիններուն՝ Էրտողան յայտնեց, թէ երկիրը ունի ոչ թէ խափանարար, այլ պատասխանատու քաղաքական գործիչներու կարիքը։ Ըստ իրեն, ժողովրդավարութեան, խաղաղութեան ու եղբայրութեան նման հասկացութիւնները յաճախ կրկնելով հանդերձ, գործնականին մէջ, այդ կուսակցութեան վարիչները ամէն տեսակ ֆաշիզան ճնշումը կը գործադրեն իրենց այլախոհներուն դէմ։ Անոնք ամէն առթիւ հանրապետութեան նախագահն ու կառավարութիւնը ամբաստանելով կը փորձեն թաքցնել ահաբեկչութեան եւ իրենց միջեւ առկայ յարաբերութիւնը ու կը փորձեն թիրախ մոլորեցնել։ Էրտողան շեշտեց, որ այստեղ նպատակն է քաղաքականութեան դաշտը դատարկել, ժողովրդավարութեան միջոցներն ու հնարաւորութիւնները չէզոքացնել եւ այսպէսով զանգուածները դարձնել ահաբեկչական կազմակերպութեան հետեւորդ։ Այս բոլորին լոյսին տակ Էրտողան հերթական անգամ կոչ ուղղեց այս կուսակցութեան, որ կը դժուարանայ հեռաւորութիւն պահել ահաբեկչական կազմակերպութեան հետ։ Ըստ իրեն, ան կա՛մ պիտի դիրքաւորուի ժողովրդավարութեան կողքին եւ կամ՝ ահաբեկչութեան։ «Եթէ ահաբեկչութեան կողքին դիրք գրաւէք, փոխարժէքը պիտի վճարէք։ Կա՛մ ժողովրդավարութեան կողքին պիտի ըլլաք եւ կամ ահաբեկչութեան, այս գործին միջինը չ՚ըլլար», ըսաւ Էրտողան եւ աւելցուց, թէ ժողովրդավարութիւնով, խաղաղութիւնով եւ ազատութիւնով սկսող նախադասութիւնները պէտք չէ վերջանան սպառնալիքներով, ահաբեկիչն ու ահաբեկչութիւնը խրախուսելով։
Հանրապետութեան նախագահը ընդգծեց նաեւ, թէ պետութիւնն ու ազգը պիտի չիյնան ծուղակի մէջ ու պիտի չթոյլատրեն, որ զգացումները գերադաս դառնան տրամաբանութեան։ Անոնք կ՚ուզեն, որ առկայ կրակը տարածուի երկրին ամէն կողմը։ «Տարածքաշրջանի բնակիչները պիտի չլքենք ահաբեկչական կազմակերպութեան եւ անոր քաղաքական շառաւիղներու զուլումին», ըսաւ Էրտողան։
«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, ան նշեց նաեւ, թէ անջատողական ահաբեկչական կազմակերպու-թիւնը չի կրնար ըլլալ քրդական արմատներով հայրենակիցներու ներկայացուցիչը։
Իր կարգին, Տոնալտ Թուսքն ալ յայտնեց, թէ վճռած են պայքարիլ Եւրոպայէ ներս ՓՔՔ-ի գոյութեան դէմ։ Ըստ իրեն, իր այցելութիւնը զուգադիպած է Թուրքիոյ, տարածքաշրջանի եւ Եւրոպայի տեսակէտէ դժուարին ժամանակահատուածի մը։ «Կարիքը կը զգանք վստահութեան ու բարեկամութեան։ Ես կը հաւատամ, որ ներկայ դժուար ժամանակներուն երկուքն ալ պիտի կարենանք ցուցաբերել փոխադարձաբար։ Կը հաւատամ, որ պիտի կարենանք ապացուցանել, թէ ի՛նչ է զօրակցութիւնն ու հաւատարմութիւնը», ըսաւ Թուսք։
Անգարայի մէջ Թուսք յայտնեց նաեւ, որ վերջին շաբաթներուն Թուրքիա կ՚ենթարկուի ահաբեկչական անգութ յարձակումներու։ Ահաբեկչութիւնը սաստիկ ձեւով պէտք է պախարակուի՝ ո՛ւր որ ալ պատահի եւ ո՛վ որ ալ ըլլայ իր թիրախը։ Թուսք մատնանշեց, թէ Եւրոմիութիւնն ալ դէմ յանդիման կը գտնուի ահաբեկչական սպառնալիքի հետ։ «Ձեզի կը վստահեցնեմ, որ Եւրոմիութիւնը ահաբեկչութեան հարցին շուրջ կը փափաքի սերտ համագործակցութիւն ծաւալել Թուրքիոյ հետ ու մենք վճռական ենք ահաբեկչութեան դէմ պայքարի, Եւրոպայէ ներս ՓՔՔ-ի գոյութեան դէմ պայքարի ուղղութեամբ», ըսաւ Թուսք։
Համատեղ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Թուսք ընդգծեց, թէ իր ուղեւորութեան հիմնական շարժառիթներէն մին գաղթականներու ճգնաժամն է։ «Ես կը հաւատամ, որ Թուրքիա կրնայ վերստին կայունութիւն ապահովել տարածքաշրջանին ու մանաւանդ Սուրիոյ համար։ Սա կ՚ենթադրէ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի գծով բոլոր բնագաւառներէն ներս վճռական ջանքեր։ «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն»ի յարձակումները որքան ատեն որ շարունակուին, որքան ատեն որ մարդոց ապօրինի շրջագայութիւնը կազմակերպողներ ըլլան ազատ՝ կայունութիւն պիտի չհաստատուի։ Թուրքիա եւ Եւրոմիութիւնը այսպիսի ճնշումի մը տակ կը գտնուին», ընդգծեց Թուսք եւ աւելցուց, թէ Եւրոմիութիւնը կը փափաքի աւելի քան երբեք ազդու գործել եւ այս նիւթին շուրջ Թուրքիոյ հետ նախատեսուած համագործակցութիւնը մաս կը կազմէ եւրոպական կողմի առաջնահերթութիւններու շարքին։
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ԿԸ ՊԱԽԱՐԱԿԵՑ ՓՔՔ-Ի ՅԱՐՁԱԿՈՒՄՆԵՐԸ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճոն Քէօրպի յայտարարեց, որ ամուր ձեւով կը պախարակեն անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութեան կողմէ կատարուած յարձակումները։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Ուաշինկթընի մէջ սարքած օրուայ ընթացիկ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Քէօրպի յայտնեց, թէ ամերիկեան կողմը կը պախարակէ ՓՔՔ ահաբեկչական կազմակերպութեան կողմէ թրքական անվտանգութեան ուժերու դէմ կատարուած յարձակումները։ Ըստ իրեն, վերջին դէպքերուն շուրջ ամերիկեան կողմը նոյն շարքերուն վրայ կը գտնուի թուրք ժողովուրդին հետ։
Ճոն Քէօրպի մատնանշեց, թէ յիշեալ յարձակումները կ՚աւելցնեն բռնի դէպքերու շրջագծով մահերը ու կը վնասեն քիւրտերուն, որոնք կը փափաքին խաղաղութեան մէջ ապրիլ։ Քէօրպի ցաւակցութիւն յայտնեց վերջին դէպքերուն զոհ գացած զինուորներու եւ ոստիկաններու ընտանիքներուն։ Ճոն Քէօրպի միեւնոյն ժամանակ կոչ ուղղեց, որպէսզի ՓՔՔ մերժէ բռնութիւնը ու վերադառնայ խաղաղ, քաղաքական կարգաւորման գործընթացին։
«Թուրքիոյ ժողովրդավարութիւնը կարեւոր է մեզի համար, աւելի կարեւորն ալ այն է, որ Թուրքիոյ ժողովրդավարական հաստատութիւնները կարեւորութիւն կը ներկայացնեն թուրք ժողովուրդին տեսակէտէ», ըսաւ Ճոն Քէօրպի եւ աւելցուց, թէ Թուրքիա ժողովրդավարական երկիր մըն է եւ ամերիկեան կողմը կը փափաքի անոր ժողովրդավարութեան զարգացումն ու հարստացումը։