ՃՊՈ՞Տ, ՍԼԱ՞Ք, ԹԷ ԿՈՂՄՆԱՑՈՅՑ…

Կոնստանտին Օրբելեան պատմական հէնքի վրայ կ՚արտայայտուի. «Ռուսաստանի մէջ հրաշալի եւ շատ հարուստ մշակոյթ մը կար, շատ աշխոյժ երաժշտական կեանք մը կար տակաւին ցարական շրջանին։ Շատ տաղանդաւոր մարդիկ հասած էին։ 1918 թուականի յեղափոխութենէն վերջ, անոնք երկիրը թողլով անցան Արեւմուտք՝ մանաւանդ ԱՄՆ։ Անոնք իրենց հետ բերին շատ բարձր մակարդակ ու լաւագոյն որակ։ Խօսքը կը վերաբերի շատ նշանաւոր մարդոց, որոնց գործունէութեամբ չափանիշներ սահմանուած են՝ համամարդկային մշակոյթի տեսակէտէ։ Բաւարար է միայն յիշել, թէ Ֆիլատելֆիայի «Ճուլիաթ»ը, աշխարհահռչակ երաժշտական դպրոցը այդ մարդիկ հիմնած են։ Այստեղ առանձնապէս պէտք է ընդգծել, որ անոնց ուսուցիչներն ալ եղած են շատ յայտնի հայեր. ինչպէս՝ Նազարեան, Գալումեան եւ այլն»։

Ըստ երեւոյթին, մաէսթրոն հակուած է անցեալ դարու թէժ պահերու առանցքներուն շուրջ տրամաբանել եւ բիւրեղացնել իր միտքերը. «Երկրորդ մեծ ալիքի մը մասին կարելի է խօսիլ Բ. Աշխարհամարտի շրջանին, երբ վիթխարի ուրիշ խումբ մը դուրս եկաւ այդ ժամանակուայ Խորհրդային Միութենէն։ Այդ անգամուանները առաւել չափով հրեաներ էին. նախընտրեցին առաջին հերթին ԱՄՆ-ն ու Իսրայէլը։ Եւ երրորդ նման մեծ հոսք մը արձանագրուեցաւ Խորհրդային Միութեան փլուզումով։ Սա թէեւ պատերազմ մը չէր, բայց, մարդիկ տիրացած էին ազատութեան եւ ո՛վ, ո՛ւր ուզէր կրնար երթալ։ Այս փուլին եւս առաջին նախընտրելի ուղղութիւնը եղաւ ԱՄՆ-ը, թէեւ բազմաթիւներ բռնեցին նաեւ Մեքսիքայի եւ Թուրքիոյ ճանապարհը։ Անոնք կը լքէին Ռուսաստանը, որովհետեւ տիրացած էին մեկնելու ազատութեան։ Նոյնիսկ չէին գիտեր, թէ ո՛ւր որ կ՚երթային, շատ աժան կ՚երթային։ ԱՄՆ-ի մէջ մարդիկ շատ բան սորվեցան անոնց ձայնագրութիւններէն կամ արձանագրութիւններէն։ Երաժշտութեան ուսուցիչներ, երաժշտանոցի բարձր մակարդակի դասախօսներ սկսան ուսուցչագործել. մեծ թիւով ուսանողներ հետեւեցան անոնց։ Հարկ է նշել, որ այս փուլին տեղափոխուածներու շարքին ալ կային հայեր։ ԱՄՆ-ի մէջ կը գործէ հիմնադրամ մը, որ կենցաղի համար օգնութիւն կը յատկացնէ նման պարագաներով։ Ինչպէս բոլորը, այնպէս ալ հայերը կարողացան օգտուիլ այդ միջոցներէն»։

Մաէսթրոյին թուարկած այս բոլոր համաշխարհային մեծ իրադարձութիւնները, անխուսափելիօրէն, ազդած են նաեւ հայկական արուեստին ու մշակոյթին վրայ։ Հասկնալիօրէն, ան երաժշտութիւնը կը դնէ կիզակէտին։ Իր խօսքով՝ Հայաստանի մէջ տաղանդները, դժբախտաբար, չեն գնահատուիր։ Երբ դուրս կ՚ելլեն երկրէն, ապա անոնք շատ բարձր գնահատանքի կ՚արժանանան՝ մանաւանդ ԱՄՆ-ի մէջ։

«Հայկական ամենանշանաւոր օփերային՝ «Անուշ»ին ներկայացումը նոր չէ։ Այս աստիճան ոչինչ կը գնահատեն Հայաստանի մէջ։ Խօսքը, բնականաբար, կը վերաբերի «Անուշ»ի համաշխարհային մակարդակի փրոտիւքսիոնի մը։ Այս նոյն մտայնութեան պատճառով՝ Հայաստանի ամենանշանաւոր երգիչները շատ նուազ կը վարձատրուին երկրին մէջ եւ աշխարհի ամէն կողմը կ՚երթան՝ պատշաճ գնահատանքի համար։ Սա շատ տխուր երեւոյթ մըն է։ Հայաստանի մէջ արուեստագէտները այսօր կը դառնան իրենց կառավարութեան զոհը»։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

•շար. 4

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2024