ԲԱՑԱՌԱՊԷՍ ԽԱՂԱՂ ԼՈՒԾՈՒՄ
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ Մոսկուա կատարուած աշխատանքային այցելութեան եւ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ ունեցած հանդիպման արձագանգները կը շարունակուին։ Երէկ երեկոյեան ժամերուն այս կապակցութեամբ յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ երկրի մէջ իշխանութեան գլուխ գտնուող Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան բանբերը՝ Եդուարդ Շարմազանով, որ միեւնոյն ժամանակ փոխ-նախագահն է Ազգային ժողովին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ան ըսաւ, թէ ի թիւս այլ հարցերու Սարգսեան եւ Փութին Մոսկուայի մէջ անդրադարձած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան։ Անոնք վերահաստատած են հիմնախնդրի բացառապէս խաղաղ կարգաւորման անհրաժեշտութիւնը։ Սարգսեան եւ Փութին վերահաստատած են նաեւ, որ հակամարտութեան ռազմական ճանապարհով կարգաւորման ուղղեալ բոլոր փորձերը անընդունելի են ու դատապարտելի։
Շարմազանով դիտել տուաւ, թէ իրենք բարձր կը գնահատեն Սարգսեանի եւ Փութինի հանդիպումը, որու ընթացքին քննարկուած են Հայաստանի տեսակէտէ կարեւորագոյն հարցեր։ «Սա երկու դաշնակից երկիրներու նախագահներուն հանդիպումն էր։ Մենք անգամ մը եւս կ՚ըսենք, որ պէտք է շարունակենք մեր ռազմավարական, դաշնակցային յարաբերութիւնները Ռուսաստանի հետ։ Դուք գիտէք, որ մեզի համար անվտանգութեան հարցը ունի շատ կարեւոր նշանակութիւն եւ մենք ամէն ինչ պիտի ընենք մեր անվտանգութեան համակարգը ամրապնդելու համար, իսկ այդ գործին մէջ շատ կարեւոր դեր մը ունի Ռուսաստան», ընդգծեց Շարմազանով եւ յիշեցուց, թէ Ռուսաստան 200 միլիոն ամերիկեան տոլար արժողութեամբ արտօնեալ վարկ պիտի տրամադրէ Հայաստանին՝ զինուորական գերժամանակակից սարքաւորումներ ապահովելու առաջադրութեամբ։
Միեւնոյն ժամանակ, Եդուարդ Շարմազանով կարեւորեց այն հանգամանքը, որ Ռուսաստան Հայաստանին մատակարարած կազի սակագինը 198 տոլարէն իջեցուցած է 165 տոլարի։ Սա հնարաւորութիւն պիտի ընձեռէ, որպէսզի Հայաստանի քաղաքացիները կազը սպառեն այժմու սակագինով, առանց յաւելումներու։ Շարմազանով արտայայտեց նաեւ այն համոզումը, թէ Հայաստան պէտք է խորացնէ իր համագործակցութիւնը Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) եւ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵՏՄ) անդամ երկիրներուն հետ։