ՆԵՐԱՌԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՄԱՏՉԵԼԻՈՒԹԻՒՆ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան (USAID) աջակցութեամբ Հայաստանի մէջ այս շրջանին կեանքի կը կոչուի ծրագիր մը, որու նպատակն է ապահովել՝ հաշմանդամներու լիարժէք ու անխոչընդոտ ներառումը ընկերային կեանքին։ Այս ծրագրի պաշտօնական ծանօթացման հաւաքոյթը նախընթաց օր տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Նախաձեռնութեան գործակիցներէն է՝ «Հաշմանդամներու իրաւունքներու օրակարգ» հասարակական կազմակերպութիւնը։
Այս առթիւ ներկաներուն մատուցուած տուեալները, միեւնոյն ժամանակ, կը ցոլացնէին արհեստագիտական հետաքրքրական նորութիւններ հաղորդակցութեան ու լեզուի տեսակէտէ։ Անշուշտ, խօսքը կը վերաբերի արհեստական բանականութեան։ Նախագծի պատասխանատուները ներկայացուցին տեսողութեան կամ հաղորդակցութեան անբաւարարութենէ տառապող անձերու ուղղեալ աշխատանքի մը արդիւնքը, որով համակարգչի պաստառը ընթերցող ծրագրի մը հիման վրայ ստեղծուած է հայերէն թեքստը բանաւոր խօսքի վերածող յաւելուած մը, որու միջոցաւ կարելիութիւն կը ստեղծուի զանազան փաստաթուղթերու ծանօթանալու, կայքէջերէ օգտուելու՝ լսել ո՛չ թէ մարդամեքենայի ձայնով, այլ բնականին մօտ հնչողութեամբ հայերէն խօսք։