ԿՈՎԿԱՍԻ ԽՆԴԻՐՆԵՐԸ
Դէպի Լոնտոն կատարած պաշտօնական այցելութեան շրջագծով Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան երէկ ելոյթով մը հանդէս եկաւ Անգլիոյ Միջազգային յարաբերութիւններու արքունի կաճառին (Chatham House) մէջ։ Մասնակիցներու շարքին էին անգլիացի կամ օտար բարձրաստիճան դիւանագէտներ, հեղինակաւոր վերլուծաբաններ եւ մասնագէտներ, նաեւ լրագրողներ։ Նալպանտեանի կողքին էր Լոնտոնի մօտ Հայաստանի դեսպան Արմէն Սարգսեան։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Նալպանտեան պատասխանեց ներկաներու բազմաթիւ հարցումներուն։
Նալպանտեան Chatham House-ի մէջ անդրադարձաւ բազմաբնոյթ խնդիրներու՝ Մերձաւոր Արեւելքի իրավիճակէն սկսեալ մինչեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը։ Իր ելոյթի առանցքային բաժիններէն մին ալ յատկացուած էր հայկական հարցին։
Եդուարդ Նալպանտեան ընդգծեց, թէ Հարաւային Կովկասի բախած տարածքաշրջանային խնդիրները կրնան աշխարհի զանազան ծայրերուն վերլուծաբաններուն համար նուազ տեսանելի թուիլ, սակայն այս երեւոյթը պէտք չէ մոլորեցնէ ոեւէ մէկը։ Արդարեւ, այս տարածքաշրջանը բաւական երկար ժամանակ եղած է աշխարհաքաղաքական մրցակցութեան թատերաբեմ, ինչ որ թողած է վէրքեր, որոնք տակաւին չեն սպիացած։ Այս ամբողջին մէջ ան ներկայացուց Ատրպէյճանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի միջեւ հակամարտութիւնը, որու կարգաւորումը Երեւանի արտաքին քաղաքականութեան հիմնական առաջնահերթութիւններու շարքին է։ Ան համոզուած է, որ Ստեփանակերտի մօտեցումները կենսական նշանակութիւն ունին հակամարտութեան կարգաւորման համար։ Ան ուշադրութիւն հրաւիրեց Պաքուի կողմէ հրադադարի շարունակական խախտումներուն վրայ՝ Հայաստանի հետ սահմանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հետ շփման գծի երկայնքով։ Ըստ Նալպանտեանի, այդ խախտումները կ՚ապացուցանեն, որ Ատրպէյճան կը շարունակէ խաթարել հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացը, խնդրի խաղաղ կարգաւորման ուղղեալ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու ջանքերը՝ վտանգելով միջնորդներուն կողմէ նախաձեռնուած յառաջիկայ հանդիպումները։ Նալպատեան շեշտեց, թէ հաշտութեան գործընթացէն ներս յառաջընթաց չարձանագրելու պատճառը Ատրպէյճանի կողմէ համանախագահ երկիրներու առաջարկներուն մերժուիլն է։