ՄԱՐԱԼՑԻՆԵՐՈՒՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Է­սաեան սա­նուց միու­թեան «Մա­րալ» եր­գի-պա­րի հա­մոյ­թը կը պատ­րաս­տուի մեկ­նիլ Հա­յաս­տան։ Ամ­բողջ խում­բը ար­դէն հա­մա­կուած է այս ու­ղե­ւո­րու­թեան խան­դա­վա­ռու­թեամբ։ Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան հրա­ւէ­րին ըն­դա­ռաջ «Մա­րալ» պի­տի մեկ­նի Ե­րե­ւան, ուր Սեպ­տեմ­բե­րի 26-ին նա­խա­տե­սուած է իր ե­լոյ­թը, «Կա­րէն Տէ­միր­ճեան» մար­զա­հա­մեր­գա­յին հա­մա­լի­րին մէջ։ Հա­մոյ­թի հիմ­նադ­րու­թեան 35-ա­մեա­կի յո­բե­լե­նա­կան շրջա­նին կը զու­գա­դի­պի «Մա­րալ»ին այս ու­ղե­ւո­րու­թիւ­նը, ինչ որ ա­ւե­լի խոր ի­մաստ մը կը վե­րագ­րէ ա­նոր։ Հա­մոյ­թը ամ­բողջ ա­մառ ար­դէն շատ կար­գա­պահ ու բծախն­դիր ձե­ւով նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տանք­ներ տա­րած է՝ լա­ւա­գոյ­նը ներ­կա­յաց­նե­լու հա­մար Ե­րե­ւա­նի բե­մին վրայ։

Այս ու­ղե­ւո­րու­թեան ըն­դա­ռաջ նա­խըն­թաց օր խմբագ­րա­տունս այ­ցե­լե­ցին Է­սաեան սա­նուց միու­թեան վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի Մա­րիամ Տրա­մէ­րեան եւ գլխա­ւոր պա­րու­սոյց Կար­պիս Չափ­քան։ Հա­ճե­լի զրոյ­ցի ըն­թաց­քին ա­նոնք մե­զի տե­ղե­կա­ցու­ցին, թէ 37 հո­գիէ բաղ­կա­ցեալ խում­բով մը պի­տի մեկ­նին Ե­րե­ւան։ Ա­տե­նա­պե­տու­հի Սել­մա Իս­քէն­տէ­րէօ­զի կող­մէ գլխա­ւո­րուած 35-ա­մեա­կի կար­գա­դիր յանձ­նա­խում­բը ա­մէն ճիգ ի գործ դրած է այս ու­ղե­ւո­րու­թիւ­նը ի­րա­կա­նաց­նե­լու նպա­տա­կով։ Բո­լո­րը յանձն ա­ռած են լուրջ զո­հո­ղու­թիւն­ներ, ո­րոնց շնոր­հիւ գո­յա­ցած է ու­ղե­ւո­րու­թեան պիւտ­ճէին թթխմո­րը, բայց եւ այն­պէս գե­ղա­րուես­տա­կան պատ­րաս­տու­թիւն­նե­րը յա­ռաջ տա­նե­լու ա­ռըն­թեր «Մա­րալ»ի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը տա­կա­ւին ջանք կը թա­փեն նաեւ այ­ցե­լու­թեան պիւտ­ճէն հա­ւա­սա­րակշ­ռե­լու ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ։

Մա­րիամ Տրա­մէ­րեան եւ Կար­պիս Չափ­քան յայտ­նե­ցին, թէ 37 հո­գիէ բաղ­կա­ցեալ «Մա­րալ»ի խում­բին մէջ պի­տի գտնուի եօթ վար­չա­յին։ Մնա­ցեալ ե­րե­սուն հո­գին կը բաղ­կա­նայ ե­րի­տա­սարդ պա­րող­նե­րէ։ Ա­նոնց­մէ 13-ը ա­ռա­ջին ան­գամ Հա­յաս­տան պի­տի եր­թայ։ Մա­րալ­ցի­նե­րուն ու­ղե­ւո­րու­թիւ­նը պի­տի սկսի Սեպ­տեմ­բե­րի 22-ին եւ իր ա­ւար­տին պի­տի հաս­նի Սեպ­տեմ­բե­րի 27-ին։ Ե­րե­ւա­նի ներ­կա­յաց­ման ա­ռըն­թեր խում­բը Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ պի­տի մաս­նակ­ցի նաեւ Սրբա­լոյս Միւ­ռո­նի օրհ­նու­թեան ա­րա­րո­ղու­թեան։

Հա­մոյ­թի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը ե­րախ­տա­գի­տու­թեամբ եւ ու­րա­խու­թեամբ ընդգ­ծե­ցին, թէ «Մա­րալ»ի Ե­րե­ւա­նի ե­լոյ­թին պի­տի մաս­նակ­ցի նաեւ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան, որ նոյն օ­րե­րուն Միւ­ռո­նօրհ­նու­թեան առ­թիւ պի­տի գտնուի Հա­յաս­տա­նի մէջ։

Բա­րի ճա­նա­պարհ եւ յա­ջո­ղու­թիւն կը մաղ­թենք։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 11, 2015