ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ

Ազգային պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլէր նախընթաց օր հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթինի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախարարները քննարկեցին աւելի ապահով եւ կայուն Սուրիա մը ունենալու համար պայմաններ ստեղծելու կարեւորութիւնը։ Օսթին ընդգծեց, որ սերտ եւ մշտական համակարգումը վճռական նշանակութիւն ունի «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» (ԻՇԻՊ) ահաբեկչական խմբաւորման դէմ պայքարի առաքելութեան յաջողութիւնը պահպանելու համար։

Սուրիոյ մէջ Պեշար Էսատի անկումէն եւ իշխանափոխութենէն վերջ, Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքին վրայ շփումները խտացած են թէ՛ երկրի եւ թէ տարածաշրջանի ապագային վերաբերեալ խնդիրներու շուրջ։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024