ԱՀԱՒՈՐ ՀԱՐՈՒԱԾՆԵՐ
Թուրք զինեալ ուժերը Հիւսիսային Իրաքի մէջ կը շարունակեն սաստիկ հարուածներ հասցնել անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութեան։ Անգարայէ հասած լուրերուն համաձայն, թրքական ռազմաօդային ուժերը նախընթաց երեկոյեան Հիւսիսային Իրաքի մէջ լուրջ հարուածներ հասցուցին ՓՔՔ-ի լծակներուն դէմ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, 21 ռազմաօդանաւեր մասնակցեցան գործողութիւններուն, որոնք ուղղուած էին ՓՔՔ-ի 64 թիրախներուն դէմ։ «F-16» եւ «F-4 2020» տիպի ռազմաօդանաւեր անցեալ գիշեր խտացեալ ձեւով ռմբակոծեցին Քանտիլի, Հաքքուրքի, Աւաշինի, Մեթինայի, Պայսանի, Կարայի եւ Զափի շրջանները։ Պաշտօնական աղբիւրներուն կողմէ փոխանցուած մանրամասնութիւններուն համաձայն, առնուազն 60 ահաբեկիչ չէզոքացուեցաւ այս գործողութիւններուն ընթացքին։ Կարայի մէջ ալ ոչնչացուեցաւ ահաբեկչական կազմակերպութեան մեծագոյն զինանոցներէն մին։ Կէս գիշերէն 10 վայրկեան առաջ սկսած ռմբակոծումները շարունակուեցան մինչեւ առաւօտեան կանուխ ժամերը։ Անվտանգութեան աղբիւրները մասնաւորապէս ընդգծեցին, որ Կարայի մեծագոյն զինանոցի ռմբակոծումներէն վերջ այնտեղ պայթումները շարունակուած են շուրջ 2 ժամ։
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ սահմաններէն ներս եւս անվտանգութեան ուժերը անընդհատ կը շարունակեն ՓՔՔ-ի դէմ գործողութիւնները։ Վերջին օրերուն Աղրըի շրջանին կեդրոնացան այդ գործողութիւնները։ Լեռնային շրջաններուն մէջ ՓՔՔ-ի դէմ թէ՛ ցամաքէն եւ թէ օդէն ազդու հարուածներ տրուեցան։ Աղրըի կուսակալութեան կողմէ տեղեկացուեցաւ, թէ «Քոպրա» տիպի ուղղաթիռներով կրակահերթի տակ առնուեցան այն քարանձաւները, որոնք կ՚օգտագործուին ՓՔՔ-ականներուն կողմէ։ Քաղաքի լեռնային այլ շրջաններէն եւս Ոստիկան զօրաց յատուկ ջոկատները կ՚իրականացնեն գործողութիւններ՝ ուղղաթիռներու մասնակցութեամբ։