ՆՈՐ ՉԱՓՈՒՄՆԵՐՈՎ ԸՆԹԱՑՔ

Հայաստանի, Հիւսիսային Եւրոպայի եւ Պալթեան երկիրներու համագործակցութեան ձեւաչափին մէջ, երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ կարեւոր հանդիպում մը։ Այսպէս, Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան հիւրընկալեց այս ձեւաչափի մասնակից երկիրներու խորհրդարաններու ղեկավարները։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, հիւր խորհրդարանի ղեկավարները շեշտեցին, որ կ՚աջակցին Հայաստանին Եւրոպայի հետ համարկման։

Միւս կողմէ, նոյն ձեւաչափին մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ «Միասին յանուն խաղաղութեան եւ ժողովրդավարութեան» խորագրեալ ասուլիս մը, որու ընթացքին ատենախօսներու շարքին էր Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան։

Ալէն Սիմոնեան յայտնեց, որ Եւրոմիութեան անդամ որեւէ երկիր Հայաստանէն չէ պահանջած կապերը խզել այլ որեւէ երկրի հետ։ Ան համոզուած է, թէ այս ձեւաչափի քննարկումը դրական ազդեցութիւն կը գործէ Հայաստանի նախաձեռնած խաղաղութեան գործընթացին վրայ։

Իր կարգին, Շուէտի խորհրդարանի նախագահ Քենետ Ֆորսլունտ յայտնեց, որ Հայաստանի տեսակէտէ անվտանգութիւն կառուցելը աւելի դիւրին կ՚ըլլայ ուժեղ ժողովրդավարութեան պայմաններով։

Ուրբաթ, Յունուար 24, 2025