ՀԵՌԱՆԿԱՐԱՅԻՆ ՀԱՇՈՒԱՐԿՆԵՐ
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ հիւրընկալեց Խրղըզիստանի արտաքին գործոց նախարար Ժէէնպեկ Քուլուպայեւը։ Երկու նախարարները Երեւանի մէջ նախ ունեցան առանձնազրոյց մը, որու աւարտին գլխաւորեցին պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։ Անոնք սարքեցին նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, քննարկումներու ընթացքին օրակարգի վրայ եկան՝ մանաւանդ այն ոլորտները, որոնք երկկողմանի համագործակցութեան մեծ ներուժ կը ներկայացնեն։ Կողմերը յարաբերութիւններու զարգացման տեսակէտէ առաջնահերթութիւն կը ցուցաբերեն նաեւ այն հարթակներուն, որոնք տարածաշրջանային փոխկապակցուածութեան ընդլայնման հնարաւորութիւններ կրնան ընձեռել։ Միրզոյեան եւ Քուլուպայեւ արժեւորեցին նաեւ անվտանգութեան հարցեր։
Երեւանի մէջ ստորագրուեցան նաեւ երկու երկիրներու համագործակցութեան վերաբերեալ շարք մը փաստաթուղթեր։