ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ԵՒ ՓԵՔԻՆ ՄԻՇՏ ԿԱՊԻ ՄԷՋ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիօ եւ Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Վան Եի երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ Ուաշինկթըն-Փեքին առանցքին վրայ այս շրջանին շփումները անընդհատ կը շարունակուին՝ մինչ Սպիտակ տան նոր ղեկավարութիւնը արդէն ձեռնարկած է պաշտօնի։
Այս հեռախօսազրոյցէն վերջ Չինաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, որուն մէջ ընդգծուեցաւ ԱՄՆ-ի հետ համագործակցութեան մեծ ներուժը՝ հակառակ առկայ տարաձայնութիւններուն։ Այսպէս, Փեքին եւ Ուաշինկթըն կրնան ամրապնդել համագործակցութիւնն ու երկխօսութիւնը՝ հակառակ շարք մը հարցերու շուրջ տարակարծութիւններու եւ հակասութիւններու։ Արդարեւ, ընդհանուր շահերն ու համագործակցութեան ներուժը չափազանց ընդգրկուն են։ Կողմերը կրնան աշխուժացնել երկխօսութիւնն ու խորհրդակցութիւնները՝ հիմնուելով անոնց վրայ։
ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփ նոր պաշտօնամուտին զուգահեռ միշտ Չինաստանի ուղղեալ պատգամներ տուաւ վերջին շրջանին։ Չինաստանի նախագահ Շի Ծինփինկն ալ աշխոյժ էր նոյն առումով։ Միջազգային լրահոսին մէջ արձագանգ գտաւ, որ Թրամփի երդման արարողութեան իսկ օրը Շի Ծինփինկ հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։