ԾՐԱԳԻՐՆԵՐՈՒ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան աւարտեց դէպի Զուիցերիա աշխատանքային այցելութիւնը, որու ընթացքին մասնակցեցաւ Տաւոսի մէջ կազմակերպուած Համաշխարհային տնտեսական ֆորումին։ Ուղեւորութեան եզրափակիչ փուլին Նիկոլ Փաշինեան տեսակցեցաւ զուիցերահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։ Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի այժմու ռազմավարութեան, սփիւռքի հետ յարաբերութիւններուն, ինքնութեան պահպանման հարցերու, երկրի տնտեսական զարգացման, պետական կառավարման համակարգի խնդիրներուն եւ ձեռնարկուած բարեփոխումներուն։ Նիկոլ Փաշինեան համապարփակ ձեւով արտայայտուեցաւ Հայաստանի արտաքին ու ներքին մարտահրաւէրներուն, կառավարութեան կողմէ անոնց դիմագրաւման ուղղութեամբ ձեռնարկուած քայլերով հանդերձ։ 

Բաց աստի, վարչապետը առանձին հանդիպում մըն ալ ունեցաւ զուիցերահայ գործարար ու բարերար Վահէ Կապրաշի հետ։ Այս առթիւ շօշափուեցան Կապրաշի կողմէ Հայաստանէ ներս ձեռնարկուած ծրագրերու ընթացքին վերաբերեալ հարցեր։ Փաշինեան բարձր գնահատեց այդ նախագիծերուն դերը երկրի զարգացման տեսակէտէ եւ վերահաստատեց կառավարութեան պատրաստակամութիւնը՝ աջակցելու անոնց արդիւնաւէտ իրականացման։ 

Մասնաւոր ուշադրութիւն ցուցաբերուեցաւ Կիւմրիի մէջ Զուիցերիոյ Լոզանի հիւրընկալութեան դպրոցի մասնաճիւղի հիմնական նախաձեռնութեան։ Վարչապետը շեշտեց, որ այս ծրագիրը մեծ նշանակութիւն ունի զբօսաշրջութեան զարգացման, Հայաստանի միջազգային մրցունակութեան բարձրացման եւ ոլորտի գրաւչութեան աւելցման տեսանկիւնէ։ Զրուցակիցները համակարծիք գտնուեցան, թէ ծրագրի իրականացումը կը նպաստէ հիւրընկալութեան կառավարման ոլորտէ ներս կրթութեան ոլորտի բարձրացման՝ ապահովելով միջազգային չափանիշներու համապատասխան մասնագէտներու պատրաստութիւնը։ 

Վահէ Կապրաշ շնորհակալութիւն յայտնեց վարչապետի աջակցութեան եւ համագործակցութեան համար։ Ան ընդգծեց, որ պիտի շարունակէ իր աշխոյժ ներդրումային գործունէութիւնը Հայաստանի մէջ։ Ան ներկայացուց ընթացիկ ծրագրերու մասնրամասնութիւնները եւ Փաշինեանի հետ կարծիքներ փոխանակեց ապագայ մտադրութիւններուն շուրջ։ 

Հանդիպումներու ընթացքին վարչապետի կողքին էր Զուիցերիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաճեան։

Շաբաթ, Յունուար 25, 2025