ՍՊԱՍԵԼՈՎ ԹՐԱՄՓԻ ԵՒ ՓՈՒԹԻՆԻ ՀԱՆԴԻՊՄԱՆ
Եւ այսպէս, յունուարի 20-ին տեղի ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու ընտրեալ նախագահ Տանըլտ Թրամփի երդման արարողութիւնը եւ ան պաշտօնապէս ստանձնեց այդ երկրի 47-րդ նախագահի պարտականութիւնները՝ արդէն երկրորդ անգամ։ Աւելի վաղ՝ յունուարի 7-ին, Ֆլորիտայի իր հանգստավայրին մէջ, պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն՝ Թրամփ շարք մը աղմկայարոյց յայտարարութիւններ ըրաւ եւ իր ապագայ գործունէութեան վրայ հրաւիրեց աշխարհի հետաքրքրութիւնը։ Ան, մասնաւորապէս չբացառեց Փանամայի ջրանցքն ու Կրէօնլատը ուժով վերցնելը եւ Գանատան ԱՄՆ-ի 51-րդ նահանգը դարձնելու հնարաւորութիւնը։
Փաստացի՝ ԱՄՆ-ի 45-րդ, իսկ այժմ նաեւ 47-րդ նախագահը կը պատրաստուի յիշեալ երկիրներու հետ վարուիլ այնպէս, ինչպէս այսօր Ուքրայնայի հետ կը վարուի Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին։ Ռուսական ասացուածք մը կայ. «Ձկնորսը ձկնորսին հեռուէն կը նկատէ»։ Սա ուժեղ պետութիւններու մրցակցութիւն է՝ ճիշդ այն իրավիճակը, որ կար նախքան Առաջին համաշխարհային պատերազմը։ Եւ եթէ Առաջին աշխարհամարտէն յետոյ կազմաւորուեցաւ նոր աշխարհակարգ ու փլան կայսրութիւնները, այժմ պատմութեան անիւը հակառակ ուղղութեամբ կը պտտի՝ կը վերակազմաւորուին կայսրութիւնները։
Հետաքրքրական է, որ Եւրոպական Միութիւնը (ԵՄ) ո՛չ միայն չի փափաքիր Թրամփին ընդդիմանալ՝ գոնէ Դանիոյ վերահսկողութեան տակ գտնուող Կրէօնլանտի տարածքային ամբողջականութիւնը պաշտպանելու մասով, այլեւ կը պատրաստուի առանց կռուի անձնատուր ըլլալ։ ԵՄ, ըստ երեւոյթին, ո՛չ թէ ռուսական առածի ձկնորսն է, այլ՝ ձկան որսը։ Թէ՛ այս «խելքով» ինչպէ՞ս ԵՄ-ի դիտորդները կը մտածեն պաշտպանել Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութիւնը՝ թողենք Հայաստանի այսպէս կոչուած, Եւրոհամարկման գործընթացի նախաձեռնած ՔՊ-ականներու («Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւն, որ մեծամասնութիւն կը կազմէ խորհրդարանին մէջ) եւ անոնց արբանեակներու վառ երեւակայութեան։
Դժուար չէ կանխատեսել, թէ ներքին քաղաքական ինչպիսի «փոթորիկներ» պիտի յառաջացնեն Թրամփ-Փութին մօտալուտ հանդիպումն ու հաւանական գործարքները զանազան երկիրներու կեանքին ու ճակատագրին մէջ։ Երկու կարեւոր գերտէրութիւններու առաջնորդներու հանդիպման նիւթով աշխոյժ խօսակցութիւններ կ՚ընթանան, բայց, հանդիպման տեղի ու ժամանակի մասին առ այժմ մանրամասնութիւններ չեն յայտնուիր։ Բան մը, սակայն, յստակ է՝ Եւրոմիութեան երկիրներուն մէջ իշխանափոխութեան գործընթացները անկասելիօրէն կ՚ուժգնանան, կը փոխուին ընտրախաւերը, կու գան նոր ուժեր։ Նոյնը, անկասկած, տեղի պիտի ունենայ նաեւ Հայաստանի մէջ, երբ Ուքրայնայի մէջ պայմանաւորուածութիւն ձեռք ձգել կարելի դառնայ։
Սա, թերեւս, կ՚ըլլայ պայմանաւորուածութեան ազդեցութեան գօտիներու վերաբաժանման շուրջ՝ ցեղախումբերու կանոններով։ Պարզ չէ, թէ ինքնապաշտպանական բնազդէ զուրկ ՔՊ-ական խմբակը որքանով կ՚ընկալէ երկրի կարգավիճակի փոփոխութեան հեռանկարը, բայց, իշխանական վարչախումբը, անշուշտ, պիտի զգայ հոգեբանական օգնութեան կարիքը։ Հայաստանի հոգեբանները, հոգեբոյժներն ու հոգեվերլուծաբանները շատ շուտով յաճախորդներու հոսք պիտի ունենան եւ պէտք է պատրաստուին այդ ոլորտի շուկայի աշխուժացման։
Իսկ այն երեք երկիրներու ղեկավարները, որոնց դէմ ԱՄՆ-ի նորընտիր նախագահը չէ թաքցուցած տարածքային իր յաւակնութիւնները, խօսքի տակ չեն մնացած, համարժէք դիմադարձած են անոր։ Փանամայի նախագահ Խոսէ Ռաուլ Մուլինօ յայտարարեց, որ պիտի դիմէ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդ, եթէ Թրամփ շարունակէ «սպառնալ իր երկրին»։ Գանատայի վարչապետ Ճաստին Թրիւտօ X-ի մէջ գրեց, որ նման բան անհնար է. «Չափազանց անհնար է, որ Գանատա դառնայ Միացեալ Նահանգներու մէկ մասը»։ Բայց, ամենասրամիտ արձագանգը Դանիոյ թագաւորինն է. ան փոխած է թագաւորական զինանշանը, նոր տարբերակին մէջ Դանիոյ պատկանող Կրէօնլանտը եւ Ֆարերեան կղզիները աւելի ընդգծուած պատկերուած են։ Կ՚ենթադրուի, որ թագաւորը այսպէսով հասկցուցած է, որ չեն պատրաստուիր այդ տարածքները զիջել։
Ժամանակը ցոյց կու տայ։
Խմբագրական՝ www.acnis.am-ի