ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ ԵՒ ՔԱԹԱՐ ԿԸ ՀԵՏԵՒԻՆ ՍՈՒՐԻՈՅ ՎԻՃԱԿԻՆ
Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով շաբաթավերջին հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Քաթարի արտաքին գործոց նախարար Մուհամմէտ պին Ապտիւլռահման ալ Թանիի հետ։ Զրուցակից նախարարները քննարկեցին Սուրիոյ իրավիճակն ու զայն կայունացնելու ուղղեալ ջանքերը։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախարարները կարծիքներ փոխանակեցին Մերձաւոր Արեւելքի իրադարձութիւններուն շուրջ։ Տարածաշրջանի ամբողջէն ներս անոնք յատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձուցին Սուրիան եւ անոր շուրջ ստեղծուած իրավիճակը։ Նախարարները աջակցութիւն յայտնեցին այդ երկրի ինքնիշխանութեան, անկախութեան, միասնութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան պահպանման ուղղութեամբ։ Կողմերը ընդգծեցին միջազգային լայն աջակցութեան կարեւորութիւնը՝ Սուրիայէ ներս իրավիճակի արագ կայունացման եւ անոր վերականգնման համապարփակ յետհակամարտային կարգաւորման գործըթացի շրջանակներէն ներս՝ ի շահ բոլոր սուրիացիներուն՝ անկախ անոնց քաղաքական համոզումներէն եւ ազգային-դաւանական պատկանելիութենէն։ Բաց աստի, նախարարները անդրադարձան երկկողմանի օրակարգի նիւթերուն։
Միջազգային հաղորդումներուն մէջ ուշադրութիւն կը գրաւեն այն մեկնաբանութիւնները, թէ Մերձաւոր Արեւելքի նոր իրադրութեան պայմաններուն ներքեւ Սուրիոյ մէջ կ՚ամրապնդուի Թուրքիոյ ազդեցութիւնը, իսկ Լիբանանի մէջ հետզհետէ զգալի կը դառնայ Սէուտական Արաբիոյ ներկայութիւնը: