ԱՆԳԱՐԱ-ՊԱՂՏԱՏ ՓՈԽԱԴԱՐՁ ԸՄԲՌՆՈՒՄ
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան շաբաթավերջին այցելեց Պաղտատ, ուր հիւրընկալուեցաւ Իրաքի արտաքին գործոց նախարար Ֆուատ Հիւսէյինի կողմէ։ Ֆիտան համոզուած է, թէ Իրաքէ ներս մշտական կայունութեան եւ անդորրութեան հաստատման համար անհրաժեշտ է լիարժէք անվտանգութեան ապահովումը։ Իր խօսքով՝ չափազանց կարեւոր է Թուրքիոյ Իրաքի հետ պայքարը ահաբեկչութեան՝ ԻՇԻՊ-ի («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» խմբաւորում) եւ ՓՔՔ-ի դէմ։ Ֆիտան յայտարարեց, որ ՓՔՔ ահաբեկչական կազմաւորութիւնը կ՚ոտնահարէ Իրաքի գերիշխանութիւնն ու ազգային անվտանգութեան կը սպառնայ։ Նախարարը յայտնեց, որ ՓՔՔ կը թիրախաւորէ թէ՛ Իրաքը եւ թէ Սուրիան։
Ըստ Հաքան Ֆիտանի, Իրաքն ու Սուրիան պէտք է սերտ կապի մէջ ըլլան, ինչ որ մեծ նպաստ մը պիտի ապահովէ թէ՛ այս երկու երկրին եւ թէ ամբողջ տարածաշրջանին։
Իր կարգին՝ Ֆուատ Հիւսէյինն ալ նշեց, որ Թուրքիոյ եւ Իրաքի միջեւ գոյութիւն ունի պայմանաւորուածութիւն մը, թէ Սուրիոյ կացութեան վերաբերեալ ինչպիսի դիրքորոշում մը պէտք է ունենալ։ Ան յայտնեց, որ Պաղտատ Դամասկոսի նոր ղեկավարութեան հետ մշտական կապի մէջ է ու կը ջանայ զանազան նիւթերու շուրջ համակարգում ապահովել։
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան Պաղտատի մէջ տեսակցեցաւ նաեւ Իրաքի նախագահ Ապտիւլլաթիֆ Ռեշիտի, վարչապետ Մուհամմէտ Շիյա Սուտանիի եւ պաշտպանութեան նախարար Սապիթ Մուհամմէտ Սայիտ Ռըզա էլ Ապպասիի հետ։