ՋԱՆՔԵՐՈՒ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ
Երեւանի Պետական համալսարանի (ԵՊՀ) եւ ՄԱԿ-ի Բնակչութեան հիմնադրամի միջեւ երէկ ստորագրուեցաւ փոխըմբռնման յուշագիր։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, փաստաթուղթը ստորագրեցին ԵՊՀ-ի վերատեսուչ Յովհաննէս Յովհաննիսեան եւ յիշեալ հիմնադրամի Հայաստանի գրասենեակի ղեկավար Լուսինէ Սարգսեան։
Յուշագիրը կը նախատեսէ՝ միաւորել այս կառոյցներու ջանքերն ու միջոցները այն ոլորտներէն ներս, որոնք երկկողմանի հետաքրքրութեան առարկայ են։ Կողմերը նպատակ ունին բոլորանուէր ջանքեր գործադրել՝ երկարաժամկէտ համագործակցութիւն եւ գործընկերութիւն հաստատելու համար կայուն զարգացման օրակարգին ուղղութեամբ։ Այս ամբողջին մէջ մասնաւորապէս կ՚առանձնացուին ժողովրդագրական դիմակայունութեան, երիտասարդներու զօրացման, սեռային հարցերու, տուեալներու եւ հետազօտութեան շրջանակէ ներս ընկերային պատասխանատուութեան յառաջխաղացման վերաբերեալ հարցերը։