ՕՐԱԿԱՐԳԻ ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հիւրընկալեց Միջազգային խաղաղութեան «Քարնեկի» հիմնադրամի ներկայացուցիչները՝ յայտնի վերլուծաբան Թոմաս տը Վաալը, նախկին երեսփոխան Կարօ Փայլանն ու Եուճին Ռումէրը։ Վարչապետը ողջունեց այս հիմնադրամի հետաքրքրութիւնը տարածաշրջանին նկատմամբ եւ պատասխանեց շարք մը հարցումներուն։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, այս ամբողջին մէջ մասնաւորապէս անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստան-Ատրպէյճան հաշտութեան գործընթացին՝ ներառեալ սահմանազատումը։ Օրակարգի վրայ եկաւ նաեւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը։
Բաց աստի, զրուցակիցները շօշափեցին տարածաշրջանային հաղորդուղիներու ապաշրջափակման հնարաւորութիւնները եւ այս ամբողջին մէջ ուշադրութեան առարկայ դարձաւ Երեւանի կողմէ մշակուած «Խաղաղութեան խաչմերուակ» նախագիծը։
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ հիւրերը անդրադարձան նաեւ միջազգային բնոյթով այլ նիւթերու։
Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Պարոյր Յովհաննիսեան եւ այլ պաշտօնատարներ։