ՅԱՌԱՋ ՄՂԵԼ ՇԱՀԵՐԸ
Հայաստան եւ Վրաստան երէկ պաշտօնապէս հաստատեցին ռազմավարական գործընկերութիւն։ Սա եղաւ Երեւան-Թիֆլիզ վերջին շրջանի աշխուժութեան հիմնական պտուղը։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Քոպախիծէ երէկ Երեւանի մէջ ունեցան հանդիպում մը, որուն զուգահեռ երկու հարեւան երկիրներուն միջեւ պաշտօնապէս հաստատուեցաւ ռազմավարական գործընկերութիւն։ Վարչապետները համոզուած են, թէ սա նոր լիցք կը հաղորդէ երկու հարեւաններու յարաբերութիւններուն։
Քոպախիծէ Երեւանի մէջ յայտարարեց, որ Թիֆլիզ պատրաստ է աւելի մեծ ջանքեր գործադրել Երեւանի հետ յարաբերութիւններու ապագայ ամրացման համար։ Միեւնոյն ժամանակ ան վերահաստատեց իր երկրին պատրաստակամութիւնը՝ տարածաշրջանէն ներս խաղաղութեան նպաստելու ուղղութեամբ։
Մինչ երկու վարչապետները պայմանաւորուեցան սահմանազատման գործընթացը աշխուժացնելու համար ջանքեր գործադրելու ուղղութեամբ։ Երէկուան բանակցութիւններու ընթացքին շեշտուեցաւ հայ-վրացական համագործակցութեան կենսական կարեւորութիւնը։ Փաշինեան վրացի պաշտօնակցին ներկայացուց Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի վերջին իրադարձութիւններուն։ «Հայաստանն ու Վրաստանը ռազմավարական գործընկերներու յարիր յարգանքով ու հոգատարութեամբ կը վերաբերուին զանազան հարցերու մէջ առկայ դիրքորոշումներուն եւ առաջնահերթութիւններուն՝ ձգտելով առաւելագոյն աջակցութիւնը ցուցաբերել իրարու շահերու յառաջ մղման», ըսաւ ան: