ԵՐԵՒԱՆԻ ԿՈՂՄԷ ՊԱՔՈՒԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒԱԾ ԳՐԱՒՈՐ ԱՌԱՋԱՐԿԻՆ ՄԷՋ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ ԿԱՅ ԳԵՐԻՆԵՐՈՒ ՀԱՐՑԻՆ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճանին փոխանցուած գրաւոր առաջարկներուն մէջ անդարդարձ կայ հայ գերիներու, պատանդներու եւ անյայտ կորսուածներու հարցերուն։

Վարչապետ Փաշինեան երէկ Երեւանի մէջ սարքեց մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին ծաւալուն խորհրդածութիւններով հանդէս եկաւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն առջեւ։ Իր յայտարարութիւններուն մէջ ան խօսեցաւ Ատրպէյճանի կողմէ հրահրումներու հաւանականութեան մասին։ Այս առթիւ ան շեշտեց, որ պէտք է մնալ փաստարկներու դաշտին մէջ։ Արդարեւ, Հայաստան պէտք է հետեւի հաւասարակշռուած ընթացքի մը ու պէտք չէ տարուի սադրանքներէ։

Ասուլիսի ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան ընդգծեց, որ Հայաստան որեւէ հարեւան երկրէ տարածքային պահանջներ չունի եւ ներկայիս ազգային անվտանգութեան նոր ռազմավարութիւն մը կը մշակուի։

Անդրադառնալով տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման բարդ խնդրին՝ Նիկոլ Փաշինեան ընդգծեց, որ 9 նոյեմբեր 2020 թուականի հրադադարի յայտարարութեան որեւէ կէտով Հայաստան չէ հրաժարած իրաւազօրութենէ՝ իր որեւէ տարածքի պարագային։ Բաց աստի, ան աւելցուց, որ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին մէջ չի կրնար ըլլալ «Արեւմտեան Ատրպէյճան»։ Նոյնպէս ապաշրջափակման կապակցութեամբ Փաշինեան շեշտեց, որ երկիրներու տարածքային ամբողջականութիւնը չի կրնար խոչընդոտ համարուիլ։ Ան վերահաստատեց Ատրպէյճանի եւ Նախիջեւանի միջեւ անցքերու պարագային Հայաստանի պարզեցուած ընթացակարգեր կիրառելու պատրաստակամութիւնը, սակայն, ընդգծեց, որ Ատրպէյճանի համար անցումներու պարզեցում չի նշանակեր Հայաստանի Հանրապետութեան իրաւազօրութեան շրջանցումը։

Նիկոլ Փաշինեան անդարդարձաւ նաեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հետ վերջերս ստորագրուած ռազմավարական գործընկերութեան վերաբերեալ համաձայնագրին։ Իր խօսքով՝ Երեւան գործընկերներու շահերը հաշուի կ՚առնէ իր համագործակցութիւններուն մէջ։ Բաց աստի, ան տեղեկացուց, որ յառաջիկայ օրերուն դէպի ԱՄՆ նախատեսուած իր այցելութեան ծրագրին վրայ որեւէ շփում ենթադրուած չէ նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ։ Փաշինեան լրագրողներու նկատառման յանձնեց, որ Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ զարգացող համագործակցութիւնը որոշ չափով անհանգստութիւն կը պատճառէ Ռուսաստանին։ Իր խօսքով՝ հայկական կողմը ինքզինք վատ չի զգար Եւրոամիոյ տնտեսական միութեան մէջ, սակայն, ապագայի համար տարբերակներ ունենալու ժողովուրդին ձգտումն ալ կարելի չէ անտեսել։ Բաց աստի, վարչապետը յիշեցուց, որ Հայաստան-Չինաստան յարաբերութիւններն ալ լուրջ թափով վերելք կ՚արձանագրեն։

Ի լրումն, այս բոլորին Նիկոլ Փաշինեան մամլոյ ասուլիսի ընթացքին անդրադարձաւ պատմական խնդիրներու եւ անոնց շուրջ վերջին շրջանին ծագած բանավէճին։ Արդարեւ, նախորդ շաբաթավերջին զուիցերահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ ունեցած հանդիպման ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան որոշ քննադատական կամ ինքնաքննադատական խորհրդածութիւններով հանդէս եկած էր հայոց ցեղասպանութեան հարցին շուրջ։ Իր արտայայտութիւնները բուռն քննադատութեան պատճառ դարձած էին եւ ստեղծուած իրավիճակին անդրադառնալով՝ երէկուան մամլոյ ասուլիսի ընթացքին վարչապետը նշեց, որ ցեղասպանութեան փաստը անհերքելի է եւ անժխտելի։ Ան մատնանշեց նաեւ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնսդրութեամբ ցեղասպանութեան ուրացումը պատժելի արարք կը համարուի։

Շաբաթ, Փետրուար 1, 2025