ՄԵՐ ԸՆԹԵՐՑՈՂՆԵՐՈՒՆ

Այսու կու գանք մերազն ընթերցողներուն տեղեկացնել, որ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի գինը այսօրուընէ սկսեալ կը բարձրանայ 10 թրքական լիրայի։ Սա թէեւ հաճելի լուր մը չէ, սակայն, կը յուսանք՝ մեր ընթերցողները հասկացութիւն կը ցուցաբերեն վարչութեանս կողմէ ակամայ առնուած այս որոշման նկատմամբ։ Տասնամեակներէ ի վեր թերթս կ՚առաջնորդուի ընթերցողներուն բեռ չդառնալու սկզբունքով եւ արդէն գործնականօրէն ապացուցանած է այս զգայնութիւնը։ Յամենայնդէպս, երկար տարիներէ ի վեր ԺԱՄԱՆԱԿ-ի դիմագրաւած ծանրածանր կացութիւնը անխուսափելի դարձուցած է այս կարգադրութիւնը։

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գինը ստիպողաբար կրկնապատկելու այս փուլին վարչութիւնս եւ խմբագրութիւնս համախոհաբար որոշած են մեր ընթերցողներուն տեղեկացնել, թէ միակ հիմնաւորումը չէ հրապարակի սարսափելի վիճակը, ընդհանուր տնտեսութեան ահաւոր կացութիւնը։ Այս բոլորը թէեւ լուրջ գործօններ են, սակայն, անոնց վրայ կու գան աւելնալ նաեւ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս ԺԱՄԱՆԱԿ-ին պարտադրուած անարդար մրցակցութեան պայմանները, որոնք բոլոր դժուարութիւնները կը բազմապատկեն։ Այսօր ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը՝ մանաւանդ սփիւռքեան պայմաններով, բաւական յաւակնոտ դիրքի մը վրայ է թէ՛ ուրոյն բովանդակութեան, թէ՛ տպագրութեան որակի եւ թէ նաեւ ընկերային ցանցերու վրայ ձգողականութեան առումով։ Այս բոլորը թերթիս խմբագրութեան եւ վարչութեան կողմէ գործօնի կը վերածուին ԺԱՄԱՆԱԿ-ի յարատեւութիւնը ապահովելու համար։

Չենք գիտեր երբ կամ օր մը իսկապէս պիտի կարենա՞ն իրենց «սպասած» լուրը ստանալ բոլոր անոնք, որոնք կը սպասեն ԺԱՄԱՆԱԿ-ի շնչահեղձ դառնալուն, սակայն, մենք կը շարունակենք այս կատաղի պայքարի ճանապարհին միակ ապաւէնը համարել մեր սիրեցեալ ընթերցողները, անոնց դարաւոր հաւատարմութիւնը եւ այս թերթին հետ անխախտ հաղորդակցութիւնը։

Ուրեմն, լիայոյս ենք, թէ այս գինի փոփոխութիւնը մեր ընթերցողներուն կողմէ կ՚ընկալուի հասկացութեամբ եւ համայնքէն ներս ալ կը վերածուի հերթական ահազանգի։

Երկուշաբթի, Փետրուար 3, 2025