ԱՐԴԻԱԿԱՆԷՆ ԳԵՐԱՐԴԻԱԿԱՆ

Աշ­նան շրջա­նին Ե­րե­ւա­նի մէջ ի­րե­րա­յա­ջորդ կը կազ­մա­կեր­պուին շարք մը հե­տաքրք­րա­կան ցու­ցա­հան­դէս­ներ, ո­րոնք գե­ղա­րուես­տա­սէր­նե­րու ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թեան ա­ռար­կայ կը դառ­նան։ Այս­պէս, Կո­մի­տա­սի նո­րա­հաս­տատ թան­գա­րան-կա­ճա­ռի եր­դի­քին տակ, Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թեան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ բա­ցուե­ցաւ «Ար­դիա­կա­նէն-գե­րար­դիա­կան» խո­րագ­րեալ ցու­ցա­հան­դէս մը, ո­րու կազ­մա­կեր­պիչն է «Բարձր ա­րուեստ» կեր­պա­րուես­տի կեդ­րո­նը։ Իւ­րօ­րի­նակ ցու­ցա­հան­դէս մըն է այս մէ­կը, ո­րու շրջագ­ծով հա­մա­տե­ղուած են Ե­րուանդ Քո­չա­րի, Լե­ւոն Թու­թուն­ճեա­նի, Սալ­վա­տոր Տա­լիի, Մի­նաս Ա­ւե­տի­սեա­նի նման շարք մը ժա­մա­նա­կա­կից ա­րուես­տա­գէտ­նե­րու ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը։

Ցու­ցա­հան­դէ­սի բաց­ման հան­դի­սու­թեան ներ­կայ գտնուե­ցաւ նաեւ Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի նա­խա­րար Յաս­միկ Պօ­ղո­սեան։ «Ին­ծի հա­մար շատ հա­ճե­լի է, որ Կո­մի­տա­սի թան­գա­րան-կա­ճա­ռէն ներս կը ձե­ւա­ւո­րուի ա­ւան­դու­թիւն՝ ներ­կա­յաց­նել զա­նա­զան նիւ­թե­րու ներ­քեւ ա­րուես­տա­գէտ­նե­րու գոր­ծե­րը։ Մենք կը հասկ­նանք, որ ընտ­րու­թիւ­նը կը կա­տա­րուի շատ խիստ ձե­ւով, ո­րով­հե­տեւ Կո­մի­տա­սի խստա­պա­հանջ հա­յեաց­քը մեզ կը հե­տապն­դէ։ Կը կար­ծեմ, շատ խորհր­դան­շա­կան է, որ բա­ցա­ռա­պէս կը ներ­կա­յա­ցուին մաս­նա­ւոր հա­ւա­քա­ծո­նե­րու աշ­խա­տանք­նե­րը», ը­սաւ այս առ­թիւ Յաս­միկ Պօ­ղո­սեան։

«Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, նա­խա­րա­րը ընդգ­ծեց, որ այս ցու­ցա­հան­դէ­սին շրջագ­ծով ներ­կա­յա­ցուած գոր­ծե­րը ժա­մա­նա­կին չէին գտներ ի­րենց լսա­րա­նը, ո­րով­հե­տեւ եր­բեմն ար­գի­լուած էին։ Պօ­ղո­սեան հա­մո­զուած է, որ հայ ժա­մա­նա­կա­կից ա­րուես­տը ու­նի շատ մեծ հե­ռան­կար­ներ եւ այս հան­գա­ման­քին ա­պա­ցոյ­ցը հա­մա­րեց Վե­նե­տի­կի այս տա­րուան պիէ­նա­լը։ «Այս ո­ճը կը սկսիս ըն­կա­լել ժա­մա­նա­կի մէջ։ Իմ բո­լոր գոր­ծուղ­ղում­նե­րուն ժա­մա­նակ կը փոր­ձեմ այ­ցե­լել ժա­մա­նա­կա­կից ա­րուես­տի թան­գա­րան­ներ ու տես­նել, թէ ի՛նչ զար­գա­ցում­ներ կան այլ եր­կիր­նե­րուն մէջ։ Մեր ա­րուես­տա­գէտ­նե­րը եւս կը գտնուին ճիշդ տե­ղի ու բարձր մա­կար­դա­կի վրայ», ընդգ­ծեց Յաս­միկ Պօ­ղո­սեան։

Նա­խա­րա­րին ա­ռըն­թեր ցու­ցա­հան­դէ­սի բաց­ման բո­լոր մաս­նա­կից­ներն ալ յայտ­նե­ցին, թէ խո­րա­պէս տպա­ւո­րուած էին ի­րենց ներ­կա­յա­ցուած նմոյշ­նե­րէն։

Ցու­ցա­հան­դէ­սը բաց պի­տի մնայ մին­չեւ Հոկ­տեմ­բե­րի 24-ը։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 16, 2015