ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԱՒԱՐՏԵՑ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՇՓՈՒՄՆԵՐԸ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ Սպիտակ տան մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու փոխ-նախագահ Ճէյմս Տէյվիտ Վենսի հետ։ Այսպէսով Ուաշինկթընի նոր ղեկավարութիւնը առաջին անգամ բարձր մակարդակի վրայ շփում մը ունեցաւ Երեւանի իշխանութիւններուն հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Փաշինեան եւ Վենս անդրադարձան երկկողմանի յարաբերութիւններու ընթացքին, նաեւ շօշափեցին տարածաշրջանի իրադարձութիւնները։
Դէպի Ուաշինկթըն աշխատանքայի այցելութեան շրջանակներէն ներս, Նիկոլ Փաշինեան երէկ հանդիպումներ ունեցաւ՝ ամերիկեան ռազմավարական հետազօտութիւններու «Heritage» հիմնադրամի, ինչպէս նաեւ Միջազգային հանրապետական հաստատութեան (IRI) ներկայացուցիչներուն հետ։
Այս հանդիպումներուն ընթացքին կարծիքներ փոխանակուեցան տարածաշրջանային եւ միջազգային օրակարգի հարցերուն շուրջ։ Բաց աստի, Հայաստանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջեւ ստորագրուած ռազմավարական համագործակցութեան վերաբերեալ փաստաթուղթի լոյսին տակ մեկնաբանուեցան երկկողմանի համագործակցութեան հեռանկարները։ Այս ամբողջին մէջ առաջնահերթութիւն ընծայուեցաւ տնտեսութեան զարգացման ներդրումներուն, ուժանիւթի, կրթութեան եւ անվտանգութեան բնագաւառներուն։