ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ ՆՈՒԷՐ՝ ԱՆԳԼԻՈՅ ԱՊԱԳԱՅ ԱՐՔԱՅԱԴՈՒՍՏՐ ՇԱՐԼՈԹԻՆ
Մեծն Բրիտանիոյ թագաւորական ընտանիքի ամենէն կրտսեր անդամը՝ չորս ամսուան արքայադուստր Շարլոթը, որ ծնունդէն ի վեր հանրութեան ներկայացուած է ընդամէնը երեք անգամ, արդէն 4 միլիառ եւրօ ապահոված է իր հարազատ երկրին համար։
Խորհրդատուական, գովազգային եւ կերպարանաստեղծ ընկերութիւնները հաշուարկած, քննած եւ հրապարակած են փոքրիկ արքայադստեր բերած եկամուտի ուղղութիւնները: Ըստ մասնագետներու՝ ամենէն շատ Շարլոթը աշխուժացուցած է նորաձեւութեան բնագաւառը։
Օրինակ՝ ժանեակէ շալ-ծածկոցը, որով փոքրիկը ծածկուած է հանրութեան առաջին անգամ ներկայանալու ժամանակ, ծնելէն 12 ժամ վերջ, անմիջապէս նախընտրուած իր դարձած է միլիոնաւոր մայրերու համար, որոնք շտապած են զանազան ընկերութիւններու հաւաքածոներու մէջ փնտռել նմանատիպ շալ մը: Արդիւնքին՝ այդ ծածկոցի արտադրողը՝ GH Hurt & Son ընկերութիւնը, ահռելի քանակութեամբ պատուէրներ ստացած է: Ծածկոցը կ՚արժէր 97 տոլար, բայց այն պատահարէն ետք, երբ պզտիկ Շարլոթը անով ծածկուած էր հիւանդանոցէն դուրս գալէ ետք, անոր գինը անհամեմատօրէն բարձրացած է:
Թագաւորական ընտանիքին երախտապարտ է նաեւ նշանաւոր անգլիական Prams With Pizazz ընկերութիւնը, որ կը զբաղի մանուկներու յատուկ հին քառանիւ կառքերու վերանորոգմամբ: Երբ մկրտութեան արարողութեան ժամանակ Շարլոթ ներկայացաւ անոնց արտադրած հնատիպ մանկական կառքերէն մէկուն մէջ, ընկերութեան «գլխուն» պատուէրներու հեղեղ տեղաց:
Մեծն Բրիտանիոյ մէջ փոքրիկ արքայադստեր բերած անյապաղ օգուտի շրջադարձը կոչած են «Շարլոթի ազդեցութիւն», որ կը շարունակուի երկրին մէջ:
Շարլոթի աւագ եղբայրը՝ տասնչորս ամսուան արքայազն Ճորճ, ի տարբերութիւն իր քրոջ, աւելի քիչ դրամ վաստկած է իր երկրին համար՝ 3 միլիառ եւրօ: Այս առումով յառաջատար է պզտիկներուն մայրը՝ Քէյմպրիճի արքայադուստրը՝ Քէյթ, որ, թագաւորական ընտանիքի անդամ դառնալէն ետք երկրին համար վաստկած է 7.2 միլիառ տոլար: Գումարները կը գանձուին անոնց անուններով եւ նկարներով յուշանուէրներու թողարկումէն, անոնց կրած հագուստի, գործածած իրերու պահանջարկէն եւ ընդօրինակումէն մարդոց կողմէ այն բոլոր գործողութիւններու, զորս կը կատարեն թագաւորական ընտանիքի անդամները: Կան մարդոց հազարաւոր խումբեր, որոնք պատրաստ են հսկայական գումարներ վճարելու՝ թագաւորական ընտանիքի կեանքը յիշեցնող պզտիկ իր մը ձեռք բերելու համար կամ անոնց գտնուած վայրի մը մէջ ըլլալու, անոնց կատարած ծէսերը նոյնութեամբ կրկնելու համար: Մեծ գումարներ կը վաստկին նաեւ ամսագիրները, օրաթերթերը, որոնք յօդուածներ կը տպագրեն թագաւորական ընտանիքի անդամներուն մասին:
Փոքրիկ Շարլոթի ծնունդէն մեծ օգուտներ քաղած է նաեւ անոր մօր՝ Միտըլթըններու ընտանիքը, որ ունին 1987 թուականէն ի վեր գործող առեւտուրի նշանաւոր ընկերութիւն մը՝ Party Pieces անունով։ Այդ ընկերութեան առցանց խանութը նոյնպէս սկսած է Շարլոթի անունով իրեր եւ հագուստ վաճառել:
Արքայադստեր ծնունդը նշելու համար Արքայական տունը 1300-1800 փաունտ սթերլին արժողութեամբ չորս տիպի մետաղադրամ թողարկած է:
Այս տարի Մայիսին, երբ ծնաւ արքայազն Ուիլիըմի դուստրը, Թագաւորական ընտանիքի կեանքին հետեւող աշխարհը անհամբերութեամբ կը սպասէր, թէ ի՛նչ անունով պիտի կնքեն իրենց նորածին դուստրը՝ Քէյմպրիճի դուքս արքայազն Ուիլիըմն ու անոր կինը՝ Քէյթ Միտըլթընը: Անոնք երկար ժամանակ գաղտնի կը պահէին իրենց դստեր անունը: Մինչեւ աղջկան ծնիլը՝ խաղադրոյքային գրասենեակները 500 հազար փաունտ սթերլին խոստացած էին նորածին արքայադստեր անունը գուշակողին: Ամենէն շատ շրջանառուող անուններն էին Ալիսիա, Էլիզապէթ, Շարլոթ, Վիքթորիա եւ Տայանա անունները:
Քէյմպրիճի դուքսն ու դքսուհին միայն ծնունդէն ետք յայտարարեցին իրենց դստեր անունը՝ Շարլոթ Էլիզապէթ Տայանա: Էլիզապէթ անունը ընտրուած է «Նորին մեծութիւն թագուհիի» պատուին: Իսկ Տայանա անունը տրուած է այն արտասովոր ազդեցութեան առթիւ, որ արքայազն Ուիլիըմի մայրը՝ Տայանան, ունեցած է անոր կեանքին վրայ:
Համաձայն Մեծն Բրիտանիոյ Ազգային վիճակագրութեան վարչութեան տուեալներուն՝ Շարլոթ անունը 21-րդ ամենէն ծանօթ անունն է Անգլիոյ եւ Ուելսի մէջ:
Քէյմպրիճի դուքսն ու դքսուհին ըսած են, թէ ուրախ են, որ իրենց դուստրը յայտնի կ՚ըլլայ իբրեւ «Նորին թագաւորական գերազանցութիւն Քէյմպրիճի արքայադուստր Շարլոթ»: Երկրորդ անգամ ան հանրութեան ներկայացաւ իր եղբօր հետ համատեղ լուսանկարչական շարքով, որ նոյնպէս մեծ արձագանգներ ունեցաւ:
5 Յուլիսին, Սանտրինկըմի մէջ գտնուող Սուրբ Մարիա Մակտալենա եկեղեցւոյ երդիքին տակ տեղի ունեցաւ նորածին Շարլոթին մկրտութեան արարողութիւնը: Այս եկեղեցիին մէջ մկրտուած են թագաւորական ընտանիքներու բազմաթիւ ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ արքայադուստր Տայանան:
Մկրտութենէն առնուած լուսանկարներով պզտիկ Շարլոթը երրորդ անգամ ներկայացած է հանրութեան։
ՆՈՒԷՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ
Փոքրիկն Շարլոթի ծննդեան առթիւ Քէյմպրիճի դուքսն ու դքսուհին շնորհաւորանքներ ստացած են աշխարհի չորս կողմէն: Այդ շնորհաւորանքներէն մէկն ալ եղած է Հայաստանէն, ինչ որ ալ առիթ դարձաւ պատրաստելու այս անդրադարձը:
Հայաստանի Արտաշատ քաղաքին մէջ բնակող 22-ամեայ հայուհի մը՝ Մարիամ Նազարեան անունով, որ ձեռքի աշխատանքներու Smile անունով ընկերութիւն մը հիմնած է, որոշած է իր աշխատանքներէն երկուքը՝ աղջկան ճերմակ եւ կարմիր նմանատիպ երկու գլխազարդ, նուէր ուղարկած է պզտիկ Շարլոթին: Շարլոթի ծնունդէն քառասուն օր յետոյ Մարիամը նուէրը ծրարի մէջ դրած է, թագաւորական ընտանիքի համացանցային էջէն գտած է թղթատարութեան հասցէն եւ շնորհաւորանքի հետ միասին ղրկած է նուէրը՝ նշելով, որ զայն ձեռքի աշխատանք մըն է եւ պատրաստուած է Հայաստանի մէջ, հայուհիի մը ձեռամբ:
Այս տարուան Յուլիս ամիսին Մեծն Բրիտանիայէն, նոյնինքն թագաւորական ընտանիքէն, Մարիամ ստացած է պատասխան նամակ մը՝ Քէյմպրիճի դուքսն ու դքսուհին շնորհակալութեամբ ընդունած են հայուհիին նուէրը: Հայաստանի մէջ մեծ հիացմունք յառաջացած է առ թագաւորական ընտանիքը, որ չէ անտեսած այս փոքրիկ ուշադրութիւնը եւ պատասխան-նամակ ղրկած է: Այդ մէկը կը խօսի նամակագրութեան այն ամուր աւանդոյթներու մասին, զոր ունի թագաւորական ընտանիքը: Այս մէկը նաեւ մարդը, ո՛վ որ ալ ըլլայ ան եւ իէնչ ծագում որ ալ ունենայ, գնահատելու արտայայտութիւն մըն է, զոր ցուցաբերած են Քէյմպրիճի դուքսն ու դքսուհին:
ԺԱՄԱՆԱԿ Երեւանի մէջ հանդիպեցաւ Մարիամ Նազարեանին, որուն հետ զրուցեցինք իր հիմնած գործին եւ այն նախաձեռնութեան մասին, զոր ան կատարած է՝ նուէր ղրկելով թագաւորական ընտանիքին:
Օրէ օր աշխարհի մէջ մեծ արժէք եւ գնահատական կը ստանան ձեռագործ աշխատանքները: Թագաւորական ընտանիքը այդպիսի գործերու գնահատողներէն մէկը դարձած է, եւ Մարիամ Նազարեան ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ, թէ ինքն ու իր ընկերութեան անդամները անհամբերութեամբ կը սպասեն այն օրուան, երբ պզտիկ Շարլոթը պիտի կրէ իր պատրաստած գլխազարդը, իսկ արքայական ընտանիքն ալ լուսանկար պիտի հրապարակէ:
Մարիամ Նազարեան ըսաւ, որ ձեռքի աշխատանքներու անձնական ձեռնարկատիրութիւն հիմնելու գաղափարը յառաջացած է իր անսահման սէրէն դէպի ձեռագործ աշխատանքները: Ան ընդամէնը մէկ տարի առաջ փորձած է շիւղերով եւ հելունով (միլ, քրոշէ) մանկական աշխատանքներ ստեղծել եւ զգացած է, որ այդ աշխատանքները հետաքրքրած են իր շուրջինները: Խանդավառուելով՝ Մարիամ Նազարեան իր աշխատանքները առաջարկած է Երեւանի այն խանութներուն, որոնք յուշանուէրներ, մանուկներու հագուստ, խաղալիք եւ ինքնատիպ գործեր կը վաճառեն: Կարճ ժամանակի ընթացքին ապրանքները սպառած են, եւ Մարիամ, որ այդ ժամանակ համալսարանը նոր աւարտած էր եւ աշխատանք կը փնտռէր դրամատուներէ ներս, հասկցած է, որ ինք պէտք է որդեգրէ այս գործը եւ մոռնայ այլ աշխատանքներու մասին: Այդպէս ալ ըրած է։ Ան յայտարարութիւն տուած է մամուլին մէջ՝ փնտռելով աղջիկներ եւ կիներ, որոնք օժտուած են ձեռական շնորհով: Այս ձեւով Մարիամ կազմած է պզտիկ խումբ մը, հիմնած է Smile անունով ընկերութիւն մը եւ այդ ապրանքանիշի ներքոյ սկսած է թողարկել իր եւ խմբակիցներուն ձեռական գործերը:
Կազմակերպութիւնը կը պատրաստէ ամէն ինչ՝ մանուկներու եւ անոնց մայրերուն համար՝ հագուստներ, գլխարկներ, վերարկուներ, զարդեր, խաղալիքներ, յուշանուէրներ:
«Երեւան Մոլ»ի մէջ արդէն Մարիամը ունի պզտիկ խանութ մը, ուր կը վաճառուին ընկերութեան ձեռագործ աշխատանքները:
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հետ զրոյցի ընթացքին Մարիամ Նազարեան ըսաւ, որ իրենց խումբի յաջողութեան գաղտնիքը այն է, որ իրենք կը պատրաստեն բնական թելերէ աշխատանքներ, ինչ որ շատ կարեւոր է մանուկներու առողջութեան համար: Ան նշեց, որ մանաւանդ խաղալիքներու պարագային շատ կարեւոր է, որ անոնց վրայ չըլլան արհեստական նիւթեր, վտանգաւոր հանգոյցներ, մազմզուկներ, որոնք նպաստաւոր չեն մանուկներու առողջութեան համար:
Մարիամ Նազարեանի աշխատանքներով արդէն հետաքրքրուած են ամերիկահայ գործարար մը եւ Լոնտոնէն օտար ընկերութիւն մը, որոնք ապսպրանքներ առաջարկած են անոր: Մարիամ այժմ զբաղած է խումբը բազմացնելու գործով, որպէսզի կարողանան աւարտին հասցնել ապսրպուած երեղէնները:
Յատկանշական է, որ Մարիամ Նազարեան այս գործին սկսած է առանց որեւէ լուրջ ներդրումի եւ առանց մէկու մը օգնութեան: Նոյնիսկ ընտանիքի անդամները լուրջ չեն վերաբերած դստեր գործին, հակառակ անոր, որ Մարիամ սկսած է դրամ շահիլ:
Երիտասարդ հայուհին կը հաւատացնէ, որ եթէ մարդ ունի ցանկութիւն, կամք եւ նպատակ, ապա ոչ մէկ բան կրնայ խանգարել՝ հասնելու ի նպատակին:
ԺԱՄԱՆԱԿ-ին Մարիամ Նազարեան յանտնեց նաեւ, որ շատ կը սիրէ փոքրիկները եւ միշտ իր գործին մէջ պիտի պահէ անոնց համար պատրաստուող իրերու ուղղութիւնը: Ան ժամանակ առ ժամանակ Երեւանի զանազան վայրերու մէջ իր ձեռագործ աշխատանքներէն կը նուիրէ պզտիկներուն՝ ժպիտ պարգեւելով անոնց: Նազարեան ըսաւ, որ սկզբնական շրջանին ընկերութեան կարգախօսը եղած է՝ «Թող որ քու ժպիտը փոխէ աշխարհը», իսկ այսօր իբրեւ կարգախօս ընտրած են՝ «Քու ժպիտը կը փոխէ աշխարհը»:
Մարիամ Նազարեան շեշտեց նաեւ, թէ ինչ առաջարկ որ ալ ըլլայ, երբեք չի հեռանար Հայաստանէն, քանի որ շատ կը սիրէ ի ծննդավայրը եւ իր գործին միջոցաւ կը փորձէ հաւատք ներշնչել բոլոր երիտասարդներուն, որոնք երազանքներ ունին: Ան կ՚ըսէ, որ երազանքին հաւատալը արդէն գործի կէսն է, եւ երբ դուն ունիս հաւատք, ապա երազանքի իրականացումը հեռու չէ:
Այս օրերուն Մարիամ Նազարեան ԱՅԲ դպրոցին մէջ կը մասնակցի Հայաստանի Սկսնակ ընկերութիւններու միութեան մրցոյթին: Ան եւ իր խումբը մրցոյթի առաջին երկու փուլերը արդէն յաղթահարած են: Յառաջիկայ Նոյեմբերի 1-ին յայտնի պիտի դառնայ այն սկսնակ ընկերութիւնը, որ Հայաստանի Սկսնակ ընկերութիւններու միութեան կողմէ կը ստանայ նիւթական աջակցութիւն՝ մեծցնելու եւ աւելի ծաւալուն դարձնելու համար իր գործը: Շատ հնարաւոր է, որ այդ մէկը ըլլայ Մարիամ Նազարեան, քանի որ յանձնախումբը հետաքրքրուած է անոր աշխատանքներով եւ այն ուղղութեամբ, զոր որդեգրած է Մարիամ Նազարեան:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ