ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ՍՓԻՒՌՔԻ ՄԷՋ «ԳԱՂԱՓԱՐԱԽՕՍԱԿԱՆ ԳՐՈՀԸ» ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան վերջին շրջանին սփիւռքեան ներկայացուցիչներու հետ ունեցած հանդիպումերուն ժամանակ կ՚ընէ ուշագրաւ յայտարարութիւններ։ Մօտաւոր անցեալին Ուաշինկթընի մէջ ան ընկալուած կաղապարներէն դուրս խօսոյթով մը հանդէս եկած էր ցեղասպանութեան հարցին շուրջ, իսկ աւելի վերջ այդ մէկը որակած՝ անհերքելի փաստ։ Իսկ վերջին օրերուն Փարիզի մէջ Փաշինեան վերստին սփիւռքի ներկայացուցիչներու հետ կազմակերպուած հանդիպման մը ձեւաչափին մէջ խօսեցաւ՝ յայտնելով, որ Հայաստանի մէջ բոլոր կուսակցութիւնները գործած են Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան (ՀՅԴ) գաղափարախօսութեան ներքեւ։ Ան այս տեսակէտը յառաջ մղած է՝ «Իրական Հայաստանի ռազմավարութեան» էութիւնը բացատրելու ժամանակ։ Հարկ է նշել, որ թէ՛ Դաշնակցութիւնը եւ թէ առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի կողմէ գլխաւորուած Հայ ազգային գոնկրէսը հակադարձած են վարչապետին։
Փաշինեանի Փարիզ այցելութենէն վերջ, տեղւոյն «Նոր Յառաջ»ին մէջ լոյս տեսաւ խմբագրական մը, որ կը կրէր «Վարչապետի գաղափարախօսական գրոհը» խորագիրը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Ժիրայր Չոլաքեանի ստորագրած խմբագրականը։
*
Վարչապետ Փաշինեանի՝ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ Փարիզի հանդիպումի գլխաւոր ուղերձը եղաւ Հայաստանի կառավարութեան արտաքին եւ ներքին քաղաքականութեան նոր ռազմավարութեան գաղափարախօսական շրջադարձը։ Զուիցերիոյ ու ԱՄՆ-ի հայ համայնքներու հետ հանդիպումին ալ ան նոյն ուղերձը յղած էր ու խիստ քննադատութեան ենթարկուած։ Առանց ընկրկելու, վարչապետը նորէն պնդեց «Իրական Հայաստան»ի գաղափարախօսութեան շրջադարձի էական նշանակութեան վրայ։
Սակայն, Փարիզի մէջ վարչապետի բանաձեւումը ունէր շատ աւելի գրգռիչ բնոյթ։ Ան երրորդ հանրապետութեան հիմնադրումէն ի վեր բոլոր քաղաքական կուսակցութիւններու գաղափարախօսութիւնները նոյնացուց ՀՅԴ-ի գաղափարախօսութեան հետ. «Եկած եմ եզրակացութեան մը, թէ Հայաստանի երրորդ հանրապետութեան հիմնադրման առաջին օրէն մենք չենք նկատած, որ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ կար ընդամէնը մէկ կուսակցութիւն, սա ՀՅԴ-ն էր, իրականութեան մէջ եղած է մէկ կուսակցութեան գաղափարախօսութիւն»։ Ճիշդ է, որ ներկայ կառավարութեան քաղաքականութեան հակառակող կուսակցութիւններուն գլխաւորը կը մնայ ՀՅԴ-ն, որ հրաժարելով իր ընկերվարական գաղափարախօսական արժէքներէն՝ կառչած կը մնայ միայն ազգայնական գաղափարախօսութեան։ Գաղափարախօսութիւն մը, որուն սփիւռքի աւանդական կուսակցութիւնները եւ Հայաստանի երրորդ հանրապետութեան քիչ թէ շատ բոլոր կուսակցութիւնները դաւանած են, նոյնիսկ Հայաստանի սովետամէտ ու ռուսամէտ կուսակցութիւնները։ Միւս կուսակցութիւններուն համար, անկասկած, վիրաւորական է վարչապետին կողմէ նման նոյնականացում՝ յատկապէս աւանդական կուսակցութիւններուն համար, որոնք սփիւռքի մէջ երկար տարիներ իրարու չեն հանդուրժած՝ յա՛տկապէս Սովետական Հայաստանի նկատմամբ մէկզմէկու դիրքորոշման պատճառաւ։
Յատկանշական է վարչապետի խօսքին մէջ ինքնաքննադատութիւնը, երբ նոյնիսկ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան գաղափարախօսութիւնը կը նոյնացնէ ՀՅԴ-ի գաղափարախօսութեան հետ. «Եղած է ՀՀՇ-Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն, եղած է «Քաղաքացիական պայմանագիր» (ՔՊ) կուսակցութիւն-Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն, այսինքն՝ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ, ըստ էութեան, գործող բոլոր կուսակցութիւնները գործած են Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան գաղափարախօսութեան ներքոյ։ ՀՀՇ-ին թուացած է, թէ ինք աւելի լաւ դաշնակցական է՝ քան իսկական դաշնակցականները։ ՔՊ-ին թուացած է, որ մենք աւելի լաւ դաշնակցական ենք՝ քան իսկական դաշնակցականները»։
Զինք քննադատողներն ու վարկաբեկողները եւ «Իրական Հայաստան»ի ու «Խաղաղութեան խաչմերուկ»ի գաղափարախօսութեան թերահաւատները վարչապետը քաղաքական գրոհի կ՚ենթարկէ սփիւռքի կարեւորագոյն մայրաքաղաքներուն ու քաղաքներուն մէջ՝ ամրապնդելու համար Հայաստանի պետականամէտ ռազմավարութիւնը, զայն հիմնաւորելու խաղաղութեան վրայ, առանց որուն անկարելի պիտի ըլլայ ինքնիշխան պետութիւն ստեղծել ու Հայաստանի անվտանգութիւնը կախեալ պիտի մնայ որեւէ օտար գերտէրութեան մը հովանաւորութենէն։
Հարց է, թէ որքանո՞վ ճշմարտացի է նման գաղափարախօսութիւն, որ փաստօրէն Արցախէն հրաժարելու, ցեղասպանութեան դատէն հրաժարելու, Հայաստանի 29.800 քառակուսի քիլօմեթրով բաւականանալու քաղաքականութիւն է։ Բնականաբար, արցախահայութիւնը, սփիւռքահայութիւնը ստիպուած չեն հետեւելու Հայաստանի կառավարութեան գաղափարախօսական ուղեգծին։ Վերջապէս, արցախահայութիւնը եւ սփիւռքահայութիւնը ունին իրենց գոյապայքարի ուղին, որ ներկայ պայմաններուն մէջ չի համապատասխաներ Հայաստանի կառավարութեան անվտանգային ռազմավարութեան։