ՄԻՒՆԻԽԻ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԷՆ ՎԵՐՋ ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ ԱՐՏԱՀԵՐԹ ԳԱԳԱԹԱԺՈՂՈՎ
Միւնիխի 61-րդ անվտանգութեան խորհրդաժողովի օրերուն գործնականօրէն հաստատուեցաւ, թէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նոր ղեկավարութիւնը տարբեր ուղղութեամբ պիտի հունաւորէ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմի կարգաւորումը։ Այս պարագան Եւրոպայի կողմէ կը համարուի մտահոգիչ։ Այս պայմաններուն ներքեւ, այսօր Փարիզի մէջ տեղի կ՚ունենայ Եւրոմիութեան անվտանգութեան արտահերթ գագաթաժողովը՝ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի հիւրընկալմամբ։ Մասնակիցներու շարքին է Անգլիոյ վարչապետ Քիր Սթարմըր։ Էլիզէի պալատին կողմէ գագաթաժողովին առթիւ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ մատնանշուած է, որ ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփ անակնկալի մատնած է ՆԱԹՕ-ի իր գործընկերները։
Վերջին օրերուն պաշտօնական աղբիւրները արդէն հաղորդեցին, որ Թրամփ եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին հրահանգած են՝ իրենց հանդիպման կազմակերպման համար։ Ամենայն հաւանականութեամբ Սէուտական Արաբիոյ տանտիրութեամբ տեղի պիտի ունենայ այդ հանդիպումը՝ մինչ շաբաթավերջին հեռախօսազրոյց մըն ալ տեղի ունեցաւ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիոյի եւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի միջեւ։
Փարիզի այսօրուան արտահերթ գագաթաժողովէն առաջ Թրամփ նշած էր, որ Եւրոմիութիւնը շատ բարդ գործընկեր մըն է։ Մաքրոնն ալ Թրամփի քաղաքականութիւնը որակած էր՝ էլէքտրոշոք Եւրոպայի համար։
Իր կարգին, Ուքրայնայի նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի յայտնեց, որ իր երկիրը Ռուսաստանի հետ կը բանակցի՝ ԱՄՆ-ի եւ Եւրոպայի դաշնակիցներու հետ համաձայնեցումէ վերջ։