ԶԱԽԱՐՈՎԱ. «ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ԵՒ ԹԵՀՐԱՆԻ ԴԻՐՔԵՐԸ ԿԸ ՀԱՄԸՆԿՆԻՆ՝ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍԻ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԱՊԱՇՐՋԱՓԱԿՄԱՆ ՇՈՒՐՋ»

Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարեց, որ Հարաւային Կովկասէ ներս հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հարցին շուրջ հիմնականին մէջ կը համընկնին իր երկրի եւ Իրանի մօտեցումները։

Մոսկուայի եւ Թեհրանի միջեւ երկար ժամանակէ ի վեր տարաձայնութիւններ խնդրոյ առարկայ են այս հարցին շուրջ՝ մանաւանդ «Զանգեզուրի միջանցք»ի հարցի լոյսին տակ։ Արդարեւ, Թեհրան Երեւանի հետ փոխըմբռնման մէջ է, իսկ Մոսկուայի շահերը կը համընկնին Պաքուի հետ։

Մարիա Զախարովա այս հարցը մեկնաբանեց Ռուսաստանի եւ Իրանի միջեւ ներկայ տարեմուտին ստորագրուած ռազմավարական գործընկերութեան պայմանագրով։ Այս վերջինը ամբողջութեամբ կը հաստատէ կողմերու մօտեցումներու նմանութիւնը։

«Ըստ այս փաստաթուղթին՝ կողմերը կը նպաստեն յարակից տարածաշրջաններէն ներս խաղաղութեան ու անվտանգութեան ամրապնդման՝ ներառեալ Հարաւային Կովկասը։ Անոնք կը համագործակցին երրորդ ուժերու ապակայունացուցիչ միջամտութիւնը կանխելու նպատակով։ Կը կարծեմ՝ սոյն փոխըմբռնման ամրագրումը միջպետական այս փաստաթուղթին մէջ, որ նախատեսուած է քսան եւ աւելի տարուայ հեռանկարի համար, շատ բան կ՚ըսէ», ըսաւ Զախարովա։

Իր յայտարարութիւններուն մէջ բանբերը նշեց, որ միակ տարբերութիւնն է՝ իր երկրի անդամ ըլլալը այն եռակողմանի աշխատանքային խումբին, որ կը գործէ Ռուսաստանի, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի փոխ-վարչապետներու համանախագահութեամբ՝ Հարաւային Կովկասէ ներս տնտեսական ու փոխադրութեան կապերու ապաշրջափակման հարցերով։ Զախարովա աւելցուց, որ այդ խումբի շրջանակներէն ներս հսկայական աշխատանք կատարուած է՝ ո՛չ միայն իրաւական հիմքերու, այլեւ Հայաստան-Ատրպէյճան փոխադրութեան ուղիներու վերականգնման թեքնիք չափանիշներու համաձայնեցման ուղղութեամբ։

Ապա Մարիա Զախարովա նշեց, որ այդ եռակողմանի աշխատանքային խումբին մէջ ձեռք բերուած է համաձայնութիւն՝ հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հիմնական սկզբունքներուն վերաբերեալ։ Սա կ՚ենթադրէ հաղորդակցութիւններու պարագային տուեալ պետութիւններու ինքնիշխանութիւնն ու իրաւասութիւնը։ «Այդ պայմանը ընդունուած է թէ՛ Պաքուի եւ թէ Երեւանի կողմէ։ Սակայն, դժբախտաբար, պէտք է նշեմ, որ այս պահուն աշխատանքները դադրած են հայկական կողմի դիրքորոշման պատճառով։ Մենք կը հաստատենք մեր պատրաստակամութիւնը՝ վերսկսելու լիարժէք համագործակցութիւնը այդ խումբին մէջ», ըսաւ Զախարովա։

Մոսկուա երկար ժամանակէ ի վեր կը կրկնէ իր պատրաստակամութիւնը Երեւան-Պաքու առանցքին վրայ միջնորդի դերակատարութեան վերադառնալու համար։ Քրեմլինի բանբեր Տիմիթրի Փեսքովն ալ կը կրկնէ այդ կոչերը։ Իսկ Երեւանի մօտ Իրանի դեսպան Մեհտի Սոպհանի վերջին օրերուն յայտնած էր, որ Հարաւային Կովկասէ ներս հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հարցին մէջ Հայաստանի դիրքորոշման համահունչ է միայն իր երկրին քաղաքականութիւնը։

Մինչ այդ, Մարիա Զախարովա մեկնաբանեց Հայաստանի մէջ՝ Եւրոմիութեան անդամակցելու գործընթացի սկսելու համար ընդունուած օրէնքը։ Իր խօսքով՝ սա Հայաստանի ինքնիշխան իրաւունքն է։ Յամենայնդէպս, ան յիշեցուց, թէ Եւրոմիութեան եւ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան շրջանակներէն ներս յարաբերութիւնները այնպիսի բնոյթ մը ունին, որ փոխադարձաբար զիրար կը բացառեն։

Երեքշաբթի, Փետրուար 18, 2025