ԹԵՀՐԱՆԻ ՄԷՋ՝ ԿԱՍՊԵԱՆ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎ

Թեհրան կը հիւրընկալէ Կասպեան տնտեսական համաժողովը, որուն կը մասնակցին մեծ լիճի ափամերձ երկիրները՝ Ռուսաստան, Ղազախիստան, Թիւրքմենիստան, Ատրպէյճան եւ Իրան։ Թեհրանի հաւաքին մասնակից Ռուսաստանի պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ փոխ-վարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք, որ կ՚ունենայ նաեւ շարք մը երկկողմանի հանդիպումներ։ Համաժողովի մասնակից Ատրպէյճանի պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ վարչապետ Ալի Ասատով, որ Թեհրանի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Իրանի առաջին փոխ-նախագահ Մուհամմէտ Ռըզա Արիֆի հետ։ «Ազատութիւն» ռատիոկայանի հաղորդումներով, անոնք քննարկեցին Իրանի վրայով դէպի Նախիջեւան ճանապարհի կառուցման ընթացքը։ Զրուցակիցները կանգ առին նաեւ Հիւսիս-Հարաւ փոխադրութեան միջանցքի զարգացման եւ այլ նախագծերու իրականացման վրայ։ Կողմերը աչքէ անցուցին իրենց համագործակցութեան հեռանկարները՝ տնտեսութեան, առեւտուրի, ներդրումներու, փոխադրութեան, տարանցման, նաւթի ու կազի, ընդհանրապէս ուժանիւթի եւ մարդասիրական ոլորտներէ ներս։

Միւս կողմէ, կը հաղորդուի, որ Ղազախիստան սկսած է նաւթի փորձնական մատակարարումներ իրականացնել դէպի Հունգարիա։

Երեքշաբթի, Փետրուար 18, 2025