ԸՍՏ ՌՈՊԵՐԹ ՔՈՉԱՐԵԱՆԻ՝ ԱՐՑԱԽԷՆ ԲՌՆԻ ՏԵՂԱՀԱՆԵԱԼ ՀԱՅՈՑ ՎԵՐԱԴԱՐՁԻ ՀԱՒԱՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՇԱՏ ՔԻՉ Է, ԲԱՅՑ ՊԷՏՔ Է ԿԱՌՉԻԼ 9 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2020-Ի ԵՌԱԿՈՂՄԱՆԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԵՆԷՆ ԵՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԿԱՏԱՐԱԾ ԷԹՆԻՔ ԶՏՄԱՆ ՓԱՍՏԸ ՊԷՏՔ Է ԴՆԵԼ ԲԱՆԱԿՑԱՅԻՆ ՍԵՂԱՆԻ ՎՐԱՅ
Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ, ընդդիմադիր «Հայաստան» դաշինքի ղեկավար Ռոպերթ Քոչարեան համոզուած է, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հայոց վերադարձի միակ ճանապարհն է՝ 9 նոյեմբեր 2020 թուականի եռակողմանի յայտարարութենէն կառչիլը։
Քոչարեան, որ երէկ մամլոյ ասուլիս մը սարքեց Երեւանի մէջ՝ Արցախի երկրորդ պատերազմին վերջ տուած, Հայաստան-Ռուսաստան-Ատրպէյճան առանցքին վրայ ստորագրուած հրադադարի յայտարարութեան լոյսին տակ մեկնաբանեց իրադարձութիւններու հաւանական շարունակութիւնը։ Ան այս կապակցութեամբ ըսաւ հետեւեալը. «Այսօր ղարաբաղցիները Ղարաբաղ վերադարձնելու միակ ճանապարհը նոյեմբերի 9-ի յայտարարութենէն կառչիլն է։ Եթէ Ատրպէյճան կ՚ըսէ՝ ճանապարհ, ապա մենք շատ հանգիստ կրնանք ըսել՝ այդ ճանապարհը ընդամէնը կէտ մըն է եռակողմանի յայտարարութեան մէջ։ Եթէ դուք պատրաստ էք ամբողջութեամբ այդ յայտարարութեան վերադառնալ, ապա նստինք քննարկենք։ Եւ սա միակ տեղն է, ուրկէ կարելի է բռնել եւ ղարաբաղցիներու վերադարձը ետ բերել բանակցային գործընթաց։ Այդ հնարաւորութիւնը ես կը տեսնեմ։ Թէեւ հաւանականութիւնը շատ փոքր է, բայց, մենք այն վիճակին մէջ ենք, որ նոյնիսկ փոքր հնարաւորութիւնը պէտք է օգտագործենք»։
Նախկին նախագահը անդրադարձաւ նաեւ Արցախէն բռնի տեղահանուած հայոց հաւանական վերադարձի համատեսքին մէջ միջազգային երաշխիքներու անհրաժեշտութեան հարցին։ Ան ըսաւ. «Առանց որեւէ միջազգային երաշխիքի՝ ոեւէ ղարաբաղցի ետ չ՚երթար։ Եթէ խօսքը վերադարձի մասին է, ուրեմն անհրաժեշտ է վերադարձի երաշխիքներու ծրար մը։ Սա քննարկման, բանակցային գործընթացի հարց մըն է։ Դուն կը կարողանա՞ս հասնիլ այդ լիարժէք ծրարին, թէ ոչ։ Եւ այդ ծրարէն կախեալ պիտի ըլլայ, թէ ղարաբաղցիներու քանի տակոսը պիտի վերադառնայ եւ քանի տոկոսը պիտի հրաժարի այդ իրաւունքէն։ Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանեալ հայոց վերադարձի հարցը պէտք է բերել բանակցային օրակարգի վրայ, որովհետեւ այդ մէկը կը մնայ Ատրպէյճանի տկար կողմերէն մին»։
Իր յայտարարութիւններուն մէջ Ռոպերթ Քոչարեան բացատրեց, որ ամենավատը ընդհանրապէս ոչինչ ընելն է։ «Եթէ այդ հարցը ընդհանրապէս չես քննարկեր, ուրեմն Ատրպէյճանի վրայ ազդելու որոշ հաւանական լծակէ ինքնակամ կը հրաժարիս, որովհետեւ սա այն հարցն է, որ լաւ նիւթ մը չէ Ատրպէյճանի համար։ Իրենք էթնիք զտում ըրած են։ Սա կը նշանակէ՝ էթնիք զտման փաստը բերել բանակցային սեղան», դիտել տուաւ Քոչարեան։
Ի լրումն այս բոլորին Ռոպերթ Քոչարեան ըսաւ, որ Երեւանի տեսակէտէ արտաքին քաղաքականութիւն վարելու նոր հնարաւորութիւններ կը բացուին՝ աշխարհաքաղաքական ներկայ իրավիճակի պայմաններուն ներքեւ։ Իր խօսքով՝ անհրաժեշտ է ամէն գնով պահել ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի գոյութիւնը։ Մեկնաբանելով վերջերս ընդունուած օրէնքը՝ Ռոպերթ Քոչարեան մատնանշեց, որ Հայաստանի համար Եւրոմիութիւն մտնելու հեռանկար չի տեսներ։ Ան համոզուած է, թէ Հայաստան ինքզինքին թշնամացուցած է Ռուսաստանը եւ սա անպայման կ՚ունենայ իր հետեւանքը։
Անդրադառնալով ներքին քաղաքական հաւանական իրադարձութիւններուն՝ Ռոպերթ Քոչարեան դիտել տուաւ, որ իր գլխաւորած «Հայաստան» դաշինքը ծանրակշիռ մասնակցութիւն պիտի ունենայ՝ արտահերթ կամ հերթական ապագայ ընտրութիւններուն։