ՄԵԾԵՐՈՒ ԽՕՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմին վերջ տալու առաջադրութեամբ այս առաւօտ սկսան բանակցութիւններ՝ Սէուտական Արաբիոյ մէջ։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսաստանի միջեւ տեղի կ՚ունենան բանակցութիւնները, որոնց այս փուլին չի մասնակցիր Ուքրայնան։ Ռիատի մէջ, Սէուտական Արաբիոյ տանտիրութեամբ այս բանակցութիւնները տեղի կ՚ունենան ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի՝ քանի մը օր առաջ տեղի ունեցած հեռախօսազրոյցէն անմիջապէս վերջ։ Միջազգային աղբիւրները կը տեղեկացնեն, որ երկու ղեկավարները մօտաւոր ապագային կրնան տեսակցիլ նոյնպէս Սէուտական Արաբիոյ մէջ։
Այս օրուան բանակցութիւնները կը վարեն Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, որու կողքին է Քրեմլինի արտաքին քաղաքականութեան գծով պատասխանատու Եուրի Ուշաքով, նաեւ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիօ, որու կողքին են Սպիտակ տան ազգային անվտանգութեան խորհրդական Մայքըլ Ուալց, ինչպէս նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի գծով յատուկ ներկայացուցիչ Սթիվ Ուիթքոֆ։
Թէեւ Մոսկուայէն եւ Ուաշինկթընէն այս կարեւոր ժամադրութեան ընդառաջ կատարուեցան հրապարակումներ, սակայն, արդիւնքներուն կը սպասուի հետաքրքրութեամբ։ Վերլուծաբաններու համոզմամբ, Ուաշինկթընի եւ Մոսկուայի միջեւ անմիջական շփման հաստատուած ըլլալը ինքնին մեծ յառաջընթաց մը կը համարուի։ Ռիատի բանակցութիւնները Ուաշինկթընի եւ Մոսկուայի միջեւ կ՚ընթանան երկկողմանի ձեւաչափով, սակայն, Քիեւ կը բարձրաձայնէ իր անհանգստութիւնը։ Ուքրայնայի նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի յայտնած է, որ այս ձեւաչափով ապահովուելիք արդիւնքները ճանաչելի պիտի չըլլան իրենց համար։ Ռուպիօ երկարատեւ գործընթաց համարած է Ուքրայնայէ ներս պատերազմը դադրեցնելու բանակցութիւններու մեկնարկը։
ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Մարք Ռութէ Ռիատի բանակցութիւններուն ընդառաջ յայտնեց, որ Եւրոպան պատրաստ է քայլ առնելու եւ կը փափաքի առաջնորդի դեր ստանձնել՝ Ուքրայնային անվտանգութեան երաշխիքներու տրամադրման գործին մէջ։ Յամենայնդէպս, ՄԱԿ-ի մօտ Ռուսաստանի մշտական ներկայացուցիչ դեսպան Վասիլի Նեպենզյա յայտնեց, որ Եւրոմիութիւնն ու Անգլիան չեն կրնար Ուքրայնայի հարցով բանակցութիւններուն կողմ ըլլալ։