ԾՆՈՂՔ-ԶԱՒԱԿ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆ (ԺԴ.)

Կը տեսնենք, որ մեր ծնողներուն մօտ գոյութիւն ունի «մի՛» հրամայական եղանակը, ինչ որ դաստիարակութեան մաս դարձնել կը փորձեն, սակայն մանկավարժութիւնը կ՚ըսէ, որ զաւակը այդ «մի՛»երէն աւելի ծնողքին ապրած օրինակը կ՚ընդօրինակէ. մեր զաւակները այսպէս կամ այնպէս մեր փոքր տարբերակն են, որովհետեւ իրենց լսածներէն աւելի իրենց տեսածները որպէս օրինակ կը վերցնեն: 

Պէտք է յստակ ըլլայ, որ վախը, հրամայականն ու պարտադրանքը դաստիարակութեան մաս չեն կազմեր երբեք, որովհետեւ ծնողներ պահը փրկելու եւ իրենց խօսքը պարտադրելու համար կը դիմեն այդ միջոցին, սակայն, կը մոռնան, որ այդ բոլորը կրնայ որոշ սահմանափակումներ ու խնդիրներ ստեղծէ եւ անձնական զարգացումի մէջ լուրջ մարտահրաւէրներ յառաջ բերէ: 

Կը լսենք՝ «մի՛ խօսիր», «մի՛ ըներ», «մի՛ փորձեր» եւ «մի՛»ով տարբեր արգելքներ կը ստեղծենք։ Անշուշտ, գիտենք, որ այդ մէկը կ՚ընենք բարի մտադրութեամբ, որովհետեւ անոնց համար լաւագոյնը կ՚ուզենք, սակայն, որոշ «մի՛»եր կրնան մտահոգութիւն ու անվստահութիւն յառաջացնել անոնց մօտ. որոշ ծնողներ ալ կը դիմեն հակառակ ծայրայեղութեան, իրենց զաւակներուն թոյլ տալով ամէն ինչ՝ այն համոզումով, որ սեփական փորձով սորվին: Ճի՛շդ է, որ մեծագոյն դպրոցը սեփական փորձով սորվիլն է. օրինակի համար՝ իր մատը կրակէն այրող մանուկ մը անգամ մը եւս իր մատը չի՛ մօտեցներ կրակին, սակայն, որպէս ծնողք պէտք է սահմանափակումներն ու արտօնութիւնները հաւասարակշռել: «Մի՛»ի գործածութիւնը վտանգաւոր կը նկատենք, որովհետեւ այդ մէկը յաճախ արգելք է անոնց հետաքրքրութիւնները բաւարարելուն. շատ անգամ ծնողներ արգելք կը դառնան, որ իրենց զաւակները ստեղծագործեն. յաճախ «մի՛»ին կողքին կը փորձեն ուղեցոյց ըլլալ եւ զաւակին մէջ որոշ ճիշդ մը սերմանել՝ որ սեփական կարծիք է պարզապէս. պէտք է ձգել, որ մանուկը ի՛նք ստեղծէ իր ճիշդերը՝ անշուշտ ծնողքին հսկողութեամբ: 

Նոյն օրինակով յաճախ կը տեսնենք շատ մը ծնողներ, որոնք իրենց զաւակներուն «լաւ»ը ուզելով՝ փոխանակ անոնց խնդիրները լուծելու ձեւը սորվեցնելու, անոնց խնդիրները լուծելու կը նային. շատերու համար այդ մէկը կատարեալ ճիշդ ծնողքի օրինակ մըն է, սակայն, իրականութեան մէջ այդ մէկը մեծագոյն վնասն է, որ ծնողք մը կրնայ տալ իր զաւակին։ Ծնողքին դերը զաւակին յուզումները կառավարել եւ խնդիրներն ու մարտահրաւէրները սորվեցնել է. եթէ այսօր այդ մէկը սորվեցնելու փոխարէն ծնողքը ի՛նք կ՚ընէ այդ բոլորը, ապա ապագային շատ մեծ դժուարութեան մէջ կը յայտնուի անոնց զաւակը: Հետեւաբար ծնողքի մը մեծագոյն բարիքը իր օրինակով զաւակը դաստիարակելն է. հաւատացէ՛ք, եթէ ոչ բոլորը, ապա մեր զաւակներուն մեծամասնութիւնը ունի կարողութիւնը մեծահասակներու վարքն ու բարքը տեսնելու, սերտելու եւ շատ անգամ ընդօրինակելու. այդ իսկ պատճառով ծնողներուն դերը դժուար կը նկատենք եւ շատ յստակ է, որ նոյնը չեն կրնար ըլլալ անոնց ապրելակերպը զաւակի մը լոյս աշխարհ գալէն ետք: 

Ընտանիքի մէջ «մի՛»ի գործածութիւնը որոշ հաստատուած անգիր օրէնքներու գոյութիւնը ցոյց կու տայ եւ որոշ սահմանափակումներ կը ստեղծէ, մինչեւ կարեւոր է ընտանիքի մէջ գաղափարներու փոխանակումը. այսօր այս մէկը կրնայ ինծի համար սխալ ըլլալ, սակայն իրականութեան մէջ միւս բոլորին համար սխալ չըլլալ. «մի՛» ըսելով դաստիարակելը սեփական ճիշդերուն գերին դարձնել կը նշանակէ: Ընտանիքին մէջ կարեւոր է երկխօսութիւնն ու փոխըմբռնումը: Այս պարզ թուացող երեւոյթները աճելու ամենէն կարեւոր ընթացքն են, որովհետեւ մեր նպատակն է մեծցնել անկախ, լայնախոհ ու ազատամիտ զաւակներ եւ ո՛չ թէ մեր գաղափարներուն գերի դարձած անհատներ: 

Բոլորս ալ գիտենք, որ յաճախ ընտանեկան որոշումներէն, կարեւոր խնդիրներէն հեռու կը պահուին մանուկները. շատերու համար մանուկներու ապահովութեան համար, իսկ ուրիշներու համար պարզապէս անկարեւոր նկատելով. մեծահասակներ անկարեւոր կը նկատեն պատանիի մը կարծիքն ու մտածումը եւ իրենց որոշումներուն վրայ կը հաստատուին, մինչ խելահաս ծնողքը իր որոշումներուն ժամանակ ականջ կու տայ նաեւ զաւակներուն, հասկնալու համար անոնց պէտքերը, ակնկալութիւնները: Այս մտածումի բացակայութեան պակասով է, որ որոշ պատանիներ մինչեւ իսկ երիտասարդներ դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն իրենց կեանքին մէջ. շատեր անտեսուած կը զգան, իսկ ուրիշներ կը սկսին կամաց կամաց իրենց անհատականութիւնը կորսնցնելով ապրիլ մեքենայի մը պէս՝ որ կը կառավարուի ընտանիքի համոզումներով եւ որոշումներով: 

Բոլորս ալ գիտենք, որ կեանքի ճշմարտութիւնը այն է, որ ծնողք մը միշտ իր զաւակին քով չ՚ըլլար. բոլորս ալ որպէս մարդ փախուստ չունինք մահէն եւ մեր մեծագոյն առաքելութիւնը մեր զաւակները պատրաստել է. պատրաստել՝ որպէսզի մեզմէ ետք ունենան ինքնավստահութիւն խնդիրներն ու մարտահրաւէրները լուծելու, արդար դատողութիւն ընելու, կարեւորը անկարեւորէն զանազանելու եւ բաւարարուած զգալու: Ծնողքի մը պարտաւորութիւնը իր զաւակը ապագայ պատերազմին պատրաստելն է. մարտահրաւէրը ամէնուրեք է. իր գործին մէջ, իր ուսման մէջ, իր ապագայ ընտանեկան կեանքին մէջ: Հետեւաբար մեր ճիշդերը պարտադրելու փոխարէն ստեղծենք միջավայր, ուր անոնք խօսք ունին, կարծիք ունին, անհատականութիւն ունին: 

Տեսա՞ծ էք պատանիներ, որոնց երբ հարց մը տաք, մայրը կը պատասխանէ. պատճառը վերոյիշեալ բոլոր թերութիւններն են:

•շարունակելի…

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ճի՞շդ է, երբ զաւակին հարց տաս ու մայրը պատասխանէ:

Պատասխան. Իտէալական չէ, որ զաւակին փոխարէն մայրը պատասխանէ, որովհետեւ այդ մէկը կրնայ վնասել զաւակին ինքնավստահութիւնն ու հաղորդակցելու հմտութիւնը զարգացնելու կարողութիւնը: Ծնողքը կրնայ որոշ միջամտութիւն ունենալ, եթէ երեխան փոքր է եւ կամ ամաչկոտ, սակայն, աւելի առաջնահերթ է խրախուսել, որպէսզի ինք արտայայտուի եւ իր սեփական կարծիքները ըսէ, ինչ որ կ՚օգնէ, որպէսզի ան աւելի արդիւնաւէտ ձեւով յարաբերութիւններ ունենայ եւ ներգրաւուի զրոյցներու մէջ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Փետրուար 18, 2025