ՔԱՀԱՆԱՅԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
ՍՐԲՈՑ ՈՍԿԵԱՆՑ ՔԱՀԱՆԱՅԻՑ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ
ՔԱՀԱՆԱՅԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
ՊԱԼԱԹՈՒ
Ս. ՀՐԵՇՏԱԿԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՄԲ
Ն.Ա.Տ. ՍԱՀԱԿ Բ.
Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ
Այսու կը ծանուցուի մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, թէ 20 փետրուար 2025, հինգշաբթի, Պալաթու Ս. Հրեշտակապետ եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ՝
Ն.Ա.Տ. ՍԱՀԱԿ Բ.
Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ
որ ի ժամ Ս. Պատարագի Պատրիարքական Աթոռի ժառանգաւոր սան՝ Տրց. Արի Սրկ. Էքինճեանը պիտի ձեռնադրէ քահանայ՝ խարտաւիլակութեամբ Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեանի։
Իսկ Տիրացուի կոչման արարողութիւնը պիտի կատարուի 19 փետրուար 2025, չորեքշաբթի, ժամը՝ 17.00-ին, Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածնի եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ երեկոյեան ժամերգութեան, ձեռամբ՝
ԳԵՐՇ. Տ. ԱՐԱՄ
Ս. ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆԻ
Սիրով կը հրաւիրուին մեր համայնքային եւ թաղային մարմիններու ներկայացուցիչները եւ հաւատացեալ ժողովուրդը։
Առաւօտեան ժամ. 08.30
Ս. Պատարագ եւ ձեռնադրութիւն 10.00
ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ