ՔՈՓԻՐՔԻՆ ԱՐԿԱԾԱՀԱՐ

Երեւանի մօտ Ռուսաստանի դեսպան Սերկէյ Քոփիրքին արկածահար դարձաւ՝ երէկ պատահած ցաւալի դէպքի մը հետեւանքով։ Մինչ, Երեւանի մէջ կը տիրէ խստաշունչ ձմեռ՝ դեսպանի պաշտօնական ինքնաշարժը երէկ արկածի մը ենթարկուեցաւ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, դէպքի հետեւանքով թեթեւօրէն վիրաւորուեցան Սերկէյ Քոփիրքին եւ իր վարորդը։ Պաշտօնական աղբիւրները հրատապօրէն տեղեկացուցին, որ ռուս դեսպանի կեանքին որեւէ վտանգ չի սպառնար։ Քոփիրքինին եւ վարորդին անմիջապէս տրամադրուած է անհրաժեշտ բժշկական օգնութիւնը։

Հայաստանի ներքին գործոց նախարարութեան աղբիւրներն ալ տեղեկացուցին, որ արկածը պատահած է մայրաքաղաքի բարձր դիրքով Սարի թաղին մէջ։

Դեսպան Սերկէյ Քոփիրքին քանի մը օր առաջ Երեւանի մէջ տեսակցած էր Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի հետ՝ զրուցելով շուրջ ժամ մը։

Ուրբաթ, Փետրուար 21, 2025