ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՓՃԱՑՈՒՄ
Կը շարունակենք մեր խորհրդածութիւնները ընկերային փճացման վիճակի եւ ազդեցութիւններու մասին։
Ներկայ ժամանակներուն «ի՞նչ ընել», հարցման պատասխանը փնտռելու նախապայմանը հիմնուած է «ընկերային փճացման» վրայ։ Առաջին հերթին պէտք է կարողանալ ըմբռնել ընկերային միասնութեան զգացողութեան անհրաժեշտութիւնը։
Ընկերային փճացում արտայայտութեան մէջ ներառուած փորձառութիւններու ամբողջութիւնը կարելի է հասկնալ միայն հասարակական աւերուածութիւններու, վերջին շուրջ երեսուն տարիներու սրուած դասակարգային անջրպետի հետ։ Սա ամբողջութեամբ վերացուցած է ընկերային եւ քաղաքական սահմանները։ Ի հարկէ, կարելի է պատմութենէն չարիքի բազմաթիւ օրինակներ թուարկել։ Այնուամենայնիւ, նման հեռանկարը կ՚անտեսէ մասնատուածութեան եւ փճացման վիճակի լրջութիւնը, որ տարածուած է աշխարհի չորս անկիւնը։
Մեր ականատես եղած տասնեակ իրադարձութիւնները, որոնք այժմ կը դրուին ընկերային փճացում խորագրի ներքեւ, իրականացած են գործընթացով մը, երբ հասարակական կեանքի բոլոր ոլորտները՝ սկսեալ պետական բարձրագոյն մակարդակներէն, մինչեւ կրթութիւն եւ առողջապահութիւն, բացուած են դրամատիրութեան բացարձակ տիրապետութեան համար։ Այս գործընթացէն ներս հասարակական պատասխանատուութեան գաղափարը աստիճանաբար արմատախիլ եղած է հասարակութենէն։ Վերացուած են պաշտպանական մեքանիզմները, որոնք կը սահմանափակէին մարդոց նկատմամբ սեփականութեան եւ իշխանութեան տիրապետութիւնը։ Այսպիսով, քաղաքացիական իրաւունքներու եւ պարտականութիւններու, հանրային շահի առաջնահերթութեան եւ ընկերային համերաշխութեան նման ժամանակակից հանրապետականութեան հետ կապուած արժէքներ պէտք է որդեգրուէին եւ պաշտպանուէին՝ նոյնիսկ դրամատիրութեան աշխարհին մէջ ընկերային պայքարի ստեղծած ճնշման ներքեւ։ Ընկերվարութեան եւ կազմակերպուած բանուոր դասակարգը կորսնցուցին իրենց նշանակութիւնը՝ դադրելով ըլլալ յղման կէտ։ Որովհետեւ ժողովուրդը վերածուեցաւ անհատներու մասնատուած հաւաքածոյի, աստիճանաբար քայքայուեցան ընկերային հիմքերը, որոնց վրայ քաղաքացիական գիտակցութիւնն ու հաւաքական համերաշխութիւնը կրնային կեանք գտնել:
Այս յոռետեսական պատկերը կարելի է տեսնել այսօրուայ հասարակութիւններու մէջ, ուր մարդիկ նպատակ ունին ներդրումներ կատարել միայն իրենց վրայ եւ կը փառաբանեն անհատական շահն ու մրցակցութիւնը։ Այս պատճառով սահմանները լիովին զուրկ են ընկերային համերաշխութեան գաղափարէն։ Այն, ինչ որ կու գայ մեր մտքին, երբ կը խօսինք ընկերային քայքայման մասին, կրնայ տեսանելի չըլլալ դրամատիրական հասարակութեան մէջ։ Եթէ այս «հիւանդագին դրսեւորումները» մինչեւ այսօր այդքան սարսափելի եւ լայնօրէն ի յայտ չեն եկած, ապա սա ո՛չ թէ այն պատճառով է, որ դրամատիրութեան օրէնքները աւելի հարթ կը գործեն, այլ այն պատճառով, որ ընկերային պայքարի միջոցով այս օրէնքներուն սահման գծուած է։
Ընկերային քայքայում կոչուող պատկերի պատմականացումը եւ անոր ետին դասակարգային գործընթացներու բացայայտումը, անշուշտ, շատ կարեւոր են՝ գտնելու համար այսօրուայ պատկերի գլխաւոր պատասխանատուները եւ ցոյց տալու համար, թէ ինչի դէմ պէտք է պայքարիլ: Ընկերային փճացման սահմանափակուած հեռանկարի գաղափարական ազդեցութիւնը հնարաւոր է յաղթահարել միայն այս արտայայտութեամբ ընկալուող իրողութիւնները քաղաքական-գաղափարական պայքարի առարկայ դարձնելով։
Ուստի, դասակարգային պայքարը այսօր չի կրնար սահմանափակուիլ միայն դրամատիրական կարգերը բացայայտելու, անոր դիմակայելու ջանքերով։ Դասակարգային պայքարի շրջանակներէն ներս պէտք է դիտարկել նաեւ քաղաքական փորձառութեան եւ պայքարի միջոցով ամբողջ հասարակութիւնը ընդգրկող ընդհանուր արժէքներու ստեղծումը, անոնց տարածումը եւ այդ արժէքները ապրեցնելու յստակ օրինակներու ներկայացումը:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
•շար. նախորդ թիւէն եւ վերջ