ԵԶԱԿԻ ԴՐՈՒԱԳՆԵՐՈՒ ՎԱՌ ՀԵՏՔԵՐՈՎ
«Պոլիս լուսատու» լուսանկարիչներու միաւորման «Վարպետ ձեռքերու կախարդանքը» խորագրեալ ցուցահանդէսը կը շարունակէ գեղարուեստասէրներու եւ հետաքրքիրներու անմիջական ուշադրութեան առարկայ դառնալ։ Երէկ երեկոյեան, այս ցուցահանդէսը հերթական անգամ բացուեցաւ, աւելի ճիշդը՝ վե-րաբացուեցաւ Կեդրոնական սանուց միութեան մէջ։ Արդարեւ, «Վարպետ ձեռքերու կախարդանքը» ցուցահանդէսը արդէն չորրորդ անգամ կը կրկնուի, ինչ որ անոր արձանագրած յաջողութեան ապացոյցներէն մին է։ Հեղինակաւոր լուսանկարիչներու ոսպնեակով որսուած այս եզակի դրուագներու վառ հետքերը բոլոր գեղարուեստասէրներուն եւ լուսանկարչասէրներուն տեսակէտէ ձգողականութիւն մը ապահոված է։
Հակառակ աննպաստ եղանակին՝ ցուցահանդէսի բացման հաւաքոյթի ընթացքին Կեդրոնական սանուց միութեան հաւաքատեղիին մէջ կը տիրէր բարձր տրամադրութիւն։ Միութեան վարչութեան ատենապետ Գէորգ Սիմքէշեանն ալ հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը։
Կեդրոնական սանուցի մէջ ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ շաբաթ մը՝ մինչեւ 28 փետրուար 2025, շաբաթ։ Ամէն օր ցուցահանդէսը այցելել կարելի է ժամը 14.00-19.00-ի միջեւ։