ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՎԻՃԱԿ

Անգարա-Աթէնք առանցքին վրայ ստեղծուած դրական մթնոլորտին շուրջ երկու մայրաքաղաքներէն կը հասնին շինիչ պատգամներ։ Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Եորկոս Երափեթրիտիս գոհունակութիւն յայտնեց Թուրքիոյ հետ սկիզբ առած գործընթացին կապակցութեամբ։

Իր խօսքով՝ երկու հարեւան երկիրներու միջեւ կարգ մը ուղղութիւններով զարգացում արձանագրուած է։ Այսպէս, օդային մարզի տարաձայնութիւններով պայմանաւորուած թէժ դէպքերը նուազած են, գաղթի հարցին շուրջ համագործակցութիւնը ամրապնդուած է, նաեւ երկկողմանի առեւտուրի ծաւալին մէջ բարձրացում արձանագրուած է։

Այս բոլորը շատ դրական որակելով՝ Երափեթրիտիս ըսաւ. «Իրատես չէ սպասել, որ Թուրքիա իր վաղեմի կարգ մը ակնկալութիւններէն կը հրաժարի»։

Երկուշաբթի, Փետրուար 24, 2025