ԱՆԳԱՐԱ-ՓԱՐԻԶ ՇՓՈՒՄ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան շաբաթավերջին հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի հետ, որ այսօր Անգլիոյ վարչապետ Քիր Սթարմըրի հետ կը մեկնի Ուաշինկթըն՝ Սպիտակ տան մէջ ժամադրուած ըլլալով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ։ Ուաշինկթըն ուղեւորուելու ընդառաջ Մաքրոն յայտարարած է, որ անկարելի է Չինաստանն ու Իրանը զսպել՝ Ռուսաստանի դէմ զիջումով կամ տկարութեան դրսեւորումով։
Այս իրավիճակին մէջ տեղի ունեցաւ Էրտողան-Մաքրոն հեռախօսազրոյցը, որու ընթացքին, բացի երկկողմանի յարաբերութիւններէն, օրակարգի վրայ եկան տարածաշրջանային եւ համաշխարհային հրատապ հարցերը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, անոնք համաձայն գտնուեցան յառաջիկայ շրջանին աւելի համակարգուած աշխատանք տանելու ուղղութեամբ՝ որպէս ՆԱԹՕ-ի դաշնակից երկու երկրի ղեկավար։
Զրոյցի ընթացքին Էրտողան անդրադարձաւ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմին՝ շեշտելով, որ Թուրքիա կը շարունակէ ջանքեր գործադրել, որպէսզի արդար ու մշտական խաղաղութիւն մը հաստատուի եւ հակամարտութիւնը վերջ գտնէ։ Ան յիշեցուց, որ Թուրքիան ցարդ յաջողած է քանի մը անգամ բանակցային սեղանի շուրջ համախմբել հակամարտ կողմերը։ Անգարա ներկայիս պատրաստակամ է խաղաղութեան բանակցութիւններուն հիւրընկալ դառնալու եւ ընդհանուր գործընթացին իր նպաստը բերելու։ Թրքական կողմէ կարեւորութիւն կ՚ընծայէ, որպէսզի սկիզբ առնէ բանակցային գործընթաց մը, որմէ չեն արտաքսուիր պատերազմի կողմ երկու երկիրները։
Մերձաւոր Արեւելքի առկայ իրադրութեան լոյսին տակ՝ Էրտողան Մաքրոնի նկատառման յանձնեց, որ անընդունելի է այն ծրագիրը, որով կը նախատեսուի պաղեստինցիները գաղթի առաջնորդել դէպի Եգիպտոս եւ Յորդանան կամ այլ երրորդ երկիր մը։