ԱՆԿՐԿՆԵԼԻ ՀԱՆՃԱՐՈՎ ՈՒՏԱՀԱՐԸ

Շաբաթավերջին Իսթանպուլի երաժշտասէրներուն տեսակէտէ բացառիկ հաճոյք մըն էր՝ վայելել ամերիկահայ նշանաւոր ուտահար Արա Տինքճեանի ներկայութիւնը։ Շաբաթ երեկոյեան ան համերգով մը հանդէս եկաւ՝ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետութեան առընթեր Հարպիյէի «Ճեմալ Ռեշիտ Ռէյ» համերգասրահի երդիքին տակ։ Դահլիճին մէջ կը տիրէր բարձր տրամադրութիւն՝ մինչ Արա Տինքճեանի համերգը կազմակերպուած էր «The Secret Trio»ի՝ (Գաղտնի եռեակ) ձեւաչափով։ Այս եռեակը, ընդհանրապէս, Անատոլուի եւ Մերձաւոր Արեւելքի երաժշտութիւնները կը մատուցէ բարձր վարպետութեամբ՝ մանաւանդ, որ շատ յաջող ու տպաւորիչ համադրութիւններու կ՚երթայ նաեւ ճազի կամ այլ ոճերու հետ։ Մեղեդիներու զանազանութեան տեսակէտէ եզակի արդիւնքներու կը հասնի «Գաղտնի եռեակ»ը, որու կազմին մէջ կը գտնուին Արա Տինքճեան, Իսմայիլ Լումանովսքի եւ Թամէր Փընարպաշը։ Իսմայիլ Լումանովսքի Մակեդոնիոյ գնչուներու աւանդութեան կրողներէն մին է, իսկ Թամէր Փընարպաշը քանոնահար մըն է, որ իր նուագարանը արտասովոր թեքնիքներով կ՚օգտագործէ։ Այս երեք արուեստագէտներուն ճանապարհը խաչաձեւուած է Նիւ Եորքի մէջ եւ անոնց ողջունելի միասնականութիւնը Արեւելքի եւ Արեւմուտքի երաժշտութիւնները նոր խաչմերուկի մը վրայ կը համատեղէ, ինչ որ երաժշտասէրներուն տեսակէտէ անկրկնելի ապրումներու դուռ կը բանայ։

Բացի այս համերգէն, Արա Տինքճեան երէկ երեկոյեան զրոյց-ասուլիսի մըն ալ մասնակցեցաւ Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ։ «Ձայն, խօսք, լեզու» նիւթով կազմակերպուած բացառիկ ձեռնարկ մըն էր այս մէկը, որու մասնակիցները հնարաւորութիւն ունեցան թէ՛ Արա Տինքճեանի գեղարուեստական հանճարի հաղորդ դառնալու եւ թէ զանազան նիւթերու շուրջ միտքերուն ներթափանցելու։ Շիշլիի քաղաքապետարանին կողմէ կազմակերպուած այս երեկոյթի ընթացքին աշխարհահռչակ ուտահար ու յօրինող Արա Տինքճեանի հետ զրոյցը վարեց տոց. Մուսթաֆա Աւճը։ Արա Տինքճեան ցարդ աշխարհի աւելի քան քսանհինգ երկրի մէջ համերգով հանդէս եկած է եւ իր յօրինումները տասնվեց տարբեր լեզուով կը ձայնաւորուին։ Ան կ՚ընդունուի, որպէս աշխարհի ամենայաւակնոտ ուտահարներէն մին։

Այս բոլոր հանգամանքները ուղղակիօրէն պայմանաւորեցին երեկոյթի մթնոլորտը, որու ընթացքին բոլորը լարուած ուշադրութեամբ ունկնդրեցին Արա Տինքճեանի խորհրդածութիւններուն ու մեծ հաճոյքով ծափահարեցին զինքը։

Ֆէրիգիւղի երեկոյթին ներկայ էր նաեւ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Նաիրի Պետրոսեան, որ ձեռնարկի աւարտին ողջունեց Արա Տինքճեանը եւ յղեց շնորհաւորութիւններ։

 

Երկուշաբթի, Փետրուար 24, 2025