ՃԱՆԱՉՈՂԱԿԱՆ ՀԱԿԱՍՈՒԹԵԱՆ ՏԵՍՈՒԹԻՒՆԸ
Ճանաչողական հակասութեան տեսութիւնը կրնայ դիտարկուիլ որպէս մէկ մասը այնպիսի տեսութիւններու, որոնք ուղղուած են անհատի նպատակին՝ հասնելու համար ներդաշնակ եւ հետեւողական մտածելակերպի։ Սա առաջին տեսութիւնն է, որ կը նկարագրէ ճանաչողական համակարգէն ներս անհամապատասխանութիւններու պատճառով յառաջացած դրդման, հիմնաւորման հետեւանքները։ Ճանաչողական հակասութիւնը, որ 1960-ականներուն ընկերային հոգեբանութեան ամենաշատ ուսումնասիրուած նիւթն է, հոգեբանական անհանգստութիւն մըն է, որ կը յառաջանայ, երբ մարդ ունենայ իրարու չհամապատասխանող երկու կամ աւելի տեղեկութիւն։ Ան կրնայ նաեւ սահմանուիլ որպէս յոյզերու առճակատում, երբ մարդ կ՚ունենայ աններդաշնակութիւն յառաջացնող երկու կամ աւելի անհամապատասխան մտածումներ։ Այս իրավիճակը տհաճ է եւ անհատը յաճախ կը ձգտի խուսափիլ այլ տեսակէտներու կամ մտածումներու ծնունդ տուող տեղեկութեան աղբիւրէն։
«Ճանաչողական հակասութեան տեսութիւն» (1957) խորագրեալ աշխատութեան մէջ Լէոն Ֆեսթինկեր կը պնդէ, որ մարդիկ կը ձգտին ներքին հոգեբանական համերաշխութեան՝ իրական աշխարհի մէջ մտաւոր գործելու համար: Ներքին անհամապատասխանութիւն ունեցող անձը հակուած է հոգեբանօրէն անհանգստանալու եւ դրդուած է նուազեցնել ճանաչողական հակասութիւնը: Անոնք նաեւ հակուած են փոփոխութիւններ կատարելու՝ հիմնաւորելու համար ճնշուածութեան վարքը՝ կա՛մ բազմացնելով հոգեբանական հակասութեան նոր մասեր, կամ ալ խուսափելով պայմաններէն եւ հակասական տեղեկութիւններէն, որոնք, ամենայն հաւանականութեամբ, կը բարձրացնեն ճանաչողական հակասութեան մեծութիւնը։
Հակասական գաղափարներու կամ փորձառութիւններու նրբութիւններու հետ գործ ունենալը ճնշուածութեան պատճառ կը դառնայ: Եռանդ եւ ջանք կը պահանջէ ճշմարիտ թուացող, բայց իրարու հակասող բաներու հետ գործ ունենալու համար: Ֆեսթինկեր կը պնդէ, որ որոշ մարդիկ անխուսափելիօրէն կը լուծեն նշեալ հակասութիւնը՝ կուրօրէն հաւատալով իրենց համար հաճելի ու փափաքելի ամէն ինչին։
Ճանաչողական հակասութիւն կը յառաջանայ, երբ անհամաձայնութիւն գոյութիւն կ՚ունենայ անհատի վարքի եւ մտածումներու միջեւ։ Այս պարագային անհատը հակուած է ջնջելու կամ մեղմելու նշեալ հակասութիւնը, որովհետեւ այս իրավիճակը անհանգստութեան եւ անյարմարութեան ծնունդ կու տայ։ Անհատը, որ յայտնուած է իր մտածումներու եւ վարքագծի հակասութեան մէջ, ընելու երկու բան ունի. կա՛մ կը փոխէ իր մտածումները եւ կամ վարքագիծը: Եթէ վարքագիծը փոխելու համար շատ ուշ է, ապա ան կրնայ դիմել մտածումներու փոփոխութեան:
Իրենց ներքին խաղաղութեան համար մարդիկ կ՚ուզեն զգալ եւ մտածել, որ կայունութիւն, հետեւողականութիւն եւ ներդաշնակութիւն գոյութիւն ունի իրենց վարքագծի եւ համոզումներու միջեւ։ Բայց ճշմարտութիւնը այն է, որ մարդիկ մշտապէս տրամաբանական եւ հետեւողական արարածներ չեն եւ կրնան հակասական վարքագիծ դրսեւորել կամ գործել հակառակ արժէքներուն, որոնց կը հաւատան:
Այս պարագային յառաջացող «անհաւասարակշռութիւնը/անհետեւողականութիւնը» անհանգստութիւն կը պատճառէ մարդու ներաշխարհին մէջ։ Մարդկային միտքը հաւասարակշռութիւնը վերականգնելու անհրաժեշտութիւն կը զգայ եւ այս ուղղութեամբ քայլեր կը ձեռնարկէ։ Երբեմն այս վիճակը կը դրսեւորուի ինքն իրեն համոզելու, որ անհամապատասխանութիւն չկայ եւ երբեմն այն արժէքները, որոնց կը հաւատայ, իրականութեան մէջ այնքան ալ կարեւոր չեն կամ կորսնցուցած են իրենց վաւերականութիւնը: Հետաքրքրական է, որ շատ հազուադէպ է ինքնըստինքեան հրաժարիլ այն վարքէն կամ գործողութենէն, որ կը յառաջացնէ անհաւասարակշռութիւն, այսինքն՝ գործողութիւն-համոզում հակասութեան պարագային համոզումը սովորաբար կը փոխուի:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ